image

Մեր Աֆղանցի ընկերները. Վահէ Աբէլեան

 Մեր Աֆղանցի  ընկերները. Վահէ Աբէլեան

 

 Քապուլը ինկաւ

Բայց այս առաջին անգամը չէ, որ ներքին կապ մը ունեցած եմ Աֆղանիստանին հետ, պատճառը աֆղաններու հետ ընտանիքիս անսովոր ընկերութիւնն էր, որ տեւած էր աւելի քան 10 տարի: Այժմ, որ արդէն 50 տարի անցած է այն ընկերութենէն, անոր մասին կրնամ հանգիստ գրել:

Թերեւս աւելի արդար պիտի ըլլար, եթէ նիւթս վերնագրէի՝ «Հօրս աֆղան ընկերները»,  որովհետեւ հայրս էր այդ ընկերութիւնը ամրապնդող կապը, մենք, որպէս ընտանիք սնունդ կու տայինք այդ կապին:

 

Հօրս մասին 

Հայրս ծնած էր Քորքիւնէ, Քեսապ: Ան իրմէ փոքր եղբայր մը ունէր, եւ երկուքը զաւակներն էին Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած որբերու: Հայրս իր կեանքի առաջին 16-17 տարիները անցուցած էր Քորքիւնէ, բայց 1937-38-ին հեռացած գիւղէն խուսափելու թրքական բանակին մէջ  ծառայելէ  , որովհետեւ այդ օրերուն, Քեսապը համարուելով պատմական Ալեքսանտրեթի թրքական Հաթայ նահանգէն մաս մը, կը դիմակայէր Թուրքիոյ կցուելու հնարաւորութիւնը: Հայրս ինչպէս իր սերունդի բոլոր քեսապցի երիտասարդները, որեւէ հմտութիւն մը չունենալով, աշխատանք կը գտնէ, որպէս սպասարկող՝  Լիբանանի հռչակաւոր «Hotel Lux»ի մէջ: Տարիներ ետք ձգելով հիւրանոցի մէջ իր աշխատանքը  գործը, սեփական նպարավաճառի խանութ մը կը բանայ,  Նշան Փալանճեան յայտնի ճեմարանին ճիշդ դիմաց,   եւ հետագային ալ,  կը ստանձնէ «Hotel Lux»ի տնօրինութիւնը ու կը մնայ այնտեղ մինչեւ իր մահը: Հետեւաբար, մինչեւ իր կեանքին վերջը «յաճախորդ, հիւր» հայերէն բառերը իր առօրեայ բառապաշարին մէկ մասնիկն էին: Ան իր ապրուստը կը վաստակէր յաճախորդները սպասարկելով: Հայրս ջերմութիւն ու հարազատութիւն կը ներշնչէր. ան կը սպասարկէր ազնուութեամբ, ոչ թէ որովհետեւ իր աշխատանքը այդ կը պահանջէր, այլ որովհետեւ ինք ծառայասէր, ընկերային, բարեացակամ ու հոգատար անձնաւորութիւն էր: Այնպէս կը թուէր, թէ մենք  կը հաղորդակցէինք իր հետ առանց բառերու, այլ մեր հոգիի խորքով: Կը կարծեմ, որ հիւրանոցի յաճախորդներն ալ այդպէս կը զգային իր հանդէպ, որոնք յաճախակի գալով այնտեղ, կը խօսէին հիւրանոցին ու հօրս մասին, կարծես միաձուլուած մէկ ամբողջութիւն ըլլային:

Վերջերս գտայ թղթի կտոր մը, ուր մայրս արձանագրած էր 50 տարուայ եւ աւելի իր կողակիցի մասին տպաւորութիւնները: Մայրս զգալով, թէ Ալզհայմըրի հիւանդութիւնը (Alzheimer) կ'ոչնչացնէ իր յիշողութիւնը, նշում ըրած էր թուղթին վրայ թէ այս «միայն յիշեցնելու համար» է: Մայրս գրած էր այս զգացական տողերը «Ան նուրբ, ուրախ եւ ուշադիր բնաւորութեան տէր էր, ան իր ընկերային խառնուածքով համակրանքը շահած էր իր շրջապատին»:

Աֆղանները 

Ընդհանրապէս հիւրանոցի յաճախորդները տարբեր հայ գաղութներէ եկած հայեր էին, Սուրիայէն, Իրաքէն, Յորդանանէն, Եգիպտոսէն, Եթովպիայէն, հեռաւոր արեւելքէն, արեւելեան Եւրոպայէն, եւ այլն: Անոնք Լիբանան կու գային, կա՛մ այցելութեան համար, կա՛մ գործի կա՛մ դէպի Արեւմուտք ու Աւստրալիա գաղթի իրենց ճամբուն վրայ կանգ առնելու: Յանկարծ օր մը երկու աֆղաններ մտան հիւրանոց եւ հարցուցին եթէ սենեակ կայ: Անոնք նոր եկուորներ էին Լիբանան եւ Պէյրութի փողոոցներուն մէջ շրջած ատեննին նկատելով հիւրանոց Lux-ի ցուցանակը, մտած էին ներս կեցութեան նպատակով: Ի յայտ եկաւ, որ Պէյրութ եկած էին ձեռնատիրութիւն մը հիմնելու, մասնաւորապէս անասուններու կաշի ու ներքին օրկաններ, նաեւ պիստակ արտահանելու իրենց երկրէն: 

Հիմա, 50 տարի ետք, կը զարմանամ, թէ այն ատեն ինչպէս այս աֆղանները առանց ճանչնալու հօրս, օտարականի մը հետ անծանօթ երկրի մը մէջ այդ քայլը առին եւ գործ հիմնեցին  ա նոր  հետ: Անկասկած, որ իրենց սրտին խորքը զգացին հօրս անկեղծութիւնը եւ   նկատեցին, որ վստահելի մարդ մըն է:

Եւ այդ ձեւով հայրս դարձաւ իրենց միջնորդը,  ան ապահովեց պահեստանոց մը նաւահանգիստին մօտ, ոչ այնքան հեռու մեր հիւրանոցէն, այնտեղ ամբարելու մշակման ու առեւտուրի  յատուկ ապրանքները: Հօրս հայ լծակները օգուտ բերին: Անասուններու մորթն ու աղիները մշակման կարիքն ունէին, եւ պարզուեցաւ, որ այդ գործով զբաղող հայեր կային: Մշակուած ապրանքներն ու պիստակները ծախուեցան: Առեւտուրով զբաղեցան տեղացի ու երկար ատեն այս գործին մէջ ճանչցուած վաճառական ընտանիքներ: Չկային վարկեր, դրամատան փոխանցումներ, այլ կային միայն կողմերուն տուած խօսքը եւ կանխիկ գումար: Այս հարցով ալ հօրս հայ լծակները հասան օգնութեան: Այդ տարիներուն, յաճախ կը տեսնէի ոսկեդրամներու կոյտեր հիւրանոցին մէջ, հայրս կ'աշխատցնէր կին մը, որ այդ ոսկեդրամները կը կարէր կտաւէ կապերու մէջ: Ուրիշ հայ մը կը շինէր պայուսակներ: Յիշեցնեմ, որ այս շրջանը Սամսոնայթ պայուսակներու ի յայտ գալէն առաջ էր: Պայուսակ պատրաստողը, ոսկեդրամներով լեցուն կտաւէ կապերը կը տեղաւորէր պայուսակին ներսի կողմերուն երկարութեամբ ապա կը ծածկէր զանոնք կտորով: Այդ պայուսակը, որպէս ուղեբեռ կը փոխադրուէր օդանաւով: Նոյն դերձակը կը կարէր նաեւ իւրայատուկ վերարկու մը պր. Զամանին, որուն մէջ պատրաստած կ'ըլլար գաղտնի գրպանիկներ ոսկեդրամներուն համար: Իսկ ինչ կը վերաբերի ոսկեդրամներուն, նոյնիսկ 50 տարի ետք, չեմ ուզեր նշել այն լումայափոխողին անունը, որ կ'ապահովէր այդ ոսկեդրամները, եւ որ անշուշտ հայ մըն էր: 

Դժուար է հաւատալ հիմա, թէ այս բոլոր կարգադրութիւնները հեզասահօրէն կը կատարուէին մէկ օրուայ մէջ, կարծես սովորական գործ մը ըլլար: Կ'երեւի  Մերձաւոր Արեւելքի  տարածաշրջանին մէջ  գործերը այսպէս կ'ընթանային: Աստուած չընէ, եթէ յանկարծ որեւէ մէկը իր խօսքը դրժէր, այդ անձին ամբողջ ընտանիքն ու նոյնիսկ յաջորդ սերունդները կը վտարուէին առեւտրական կեանքէն նոյն այդ շրջանակին կողմէ:   

Առեւտուրին առընթեր, մենք աֆղաններուն հետ անհատական բարեկամութիւն մշակած էինք, որ շատ աւելի գերազանց էր քան առեւտրական շահերը: Հետեւաբար, հետագային երբ ձեռնատիրութիւնը շատ զարգացաւ, ու շատեր միջամտեցին եւ ուզեցին միջնորդի դերը իրենք ստանձնել, այն պատրուակով, թէ հայրս քրիստոնեայ էր, հօրս աֆղան ընկերները անտեսելով այսպիսի մտայնութիւն շարունակեցին իրենց այցելութիւնները մեր հիւրանոց: Անոնք հանգիստ կը զգային իրենց յարաբերութեան մէջ մեզի հետ, եւ մենք ալ մեր կարգին կը վայելէինք իրենց ներկայութիւնն ու ընկերութիւնը ինչպէս նաեւ աֆղանական երաժշտութիւնը: Նշեմ այստեղ, թէ ապրանքները մեծամասնութեամբ կը ներմուծուէին Աֆղանիստանի Գանտահար քաղաքէն բեռնատարերով: Ըստ համացանցին, երկու ցամաքային ճանապարհ կար, հիւսիսային եւ հարաւային, իսկ հեռաւորութիւնը կարելի է նմանցնել  Միացեալ Նահանգներուն ծովեզերքէ ծովեզերք ցամաքային ճանապարհին:

Այս ձեռնատիրութեան տարիներուն, անգամ մը հիւրընկալեցինք Աֆղանիստանցի իսլամ հոգեւորականի մը որդին, որ նոր ամուսնացած էր ու եկած Լիբանան մեղրալուսինը անցընելու: Անոր մականունը Մուժատտատի էր: Միայն մօրս արտօնուած էր այցելել հարսին, որ մնաց հինգ աստղանի Պէյրութի հիւրանոցի սենեակին մէջ,  շքեղօրէն հագուած ու  զարդարուած:  Երբ Լիբանանի մեծ Միւֆթին եւ այլ իսլամ հոգեւորականները Մուժատտատիին պատւոյն ընդունելութիւն մը կազմակերպած ու հրաւիրած էին զինք, ան հօրս առաջարկած էր, որ ընկերանայ իրեն: Աւելի ուշ հայրս պատմեց, թէ այնտեղ ներկայացուցած էր զինք, որպէս իր քրիստոնեայ ընկերը: Վերջերս համացանցով պրպտեցի Մուժատտատի անունով աֆղաններու մասին, վստահ չեմ եթէ անոնցմէ մէկը այդ նոյն երիտասարդն էր, որուն հանդիպեցայ 50 տարի առաջ: Բայց նոյնիսկ եթէ ինք չէր, ապա  կը կարծեմ, որ  «գտածս»  մեծ հաւանականութեամբ իր ազգականներէն  մին էր: 

Ինչպէս շատ մը ուրիշ բաներ, մեր բարեկամութիւնը աֆղաններուն հետ դարձաւ յուշ, երբ 1975 թուականին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը սկսիզբ առաւ, վերջ դնելով նաեւ այլ այսպիսի յարաբերութիւններու, եւ դեռ աւելին գլխիվայր շրջելով այն աշխարհը, որ երբեւիցէ ճանչցած ըլլայինք:   

 Նիւթը՝  Վահէ Աբէլեանի   անձնական պլոքէն։

 Անգլէրենէ  «Արեւելք»ի համար թարգմանեց՝   Թ.Գ.