Հայաստանը Եւրոպական միութեան մտերիմ գործընկերն է, եւ մենք կը ձգտինք խորացնել այս յարաբերութիւնները: Այս մասին X-ի իր էջին գրած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիու Քոշթան։
«Հայաստանը Եւրոպական միութեան մտերիմ գործընկերն է, եւ մենք կը ձգտինք խորացնել այս յարաբերութիւնները։ Մեզ կը միաւորեն ընդհանուր արժէքները, հաւատարմութիւնը միջազգային իրաւունքին եւ կանոններու վրայ հիմնուած միջազգային կարգին»,- գրած է Քոշթան:
Անթոնիու Քոշթան նշած է հանդիպման վայրը եւ յոյս յայտնած է, որ պիտի հանդիպի Փաշինեանի հետ:
«ԵՄ–Հայաստան առաջին գագաթնաժողովը տեղի պիտի ունենայ մայիս 4-5-ին՝ Երեւանի մէջ: Կ՚ակնկալեմ հանդիպիլ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ»,-յայտնած է Քոշթան: