image

Մելանիա Թրամփը ստացած է Fox News-ի «Տարուան հայրենասէր» մրցանակը

Մելանիա Թրամփը ստացած է Fox News-ի «Տարուան հայրենասէր» մրցանակը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կինը՝ Մելանիա Թրամփ արժանացած է Fox News-ի «Տարուան հայրենասէր» մրցանակին: Այս մասին յայտարարած է Սպիտակ տան մամուլի ծառայութիւնը:

Սպիտակ տունը նշած է, որ նախագահին կինը պարգեւը ստացած է Միացեալ Նահանգներու ինչպէս ներքին, այնպէս ալ արտաքին քաղաքականութեան մէջ գործուն մասնակցութեան համար՝ երկրորդ ժամկէտով Սպիտակ տուն վերադառնալէն յետոյ: Մելանիա Թրամփի ջանքերուն շնորհիւ դաշնային պիւտճէէն 25 միլիոն տոլար յատկացուած է խնամատար ընտանիքներուն մէջ մեծցած երիտասարդներու բնակարանային ապահովման համար: Ան նաեւ նպաստած է «կեղծ լուրերու հրապարակումն արգիլող օրէնքի ընդունման եւ արհեստական բանականութեան զարգացման նախագիծերու ստեղծման։»

Միացեալ Նահանգներու առաջին տիկնոջ արտաքին քաղաքական նախաձեռնութիւններու շարքին հեռատեսիլային ալիքը յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է անոր օգնութեան ուքրանացի եւ ռուս երեխաներուն իրենց ընտանիքներուն հետ վերամիաւորելու հարցին: