image

Մելանիա Թրամփ. Ես երբեք Էփշթէյնի զոհը չեմ եղած

Մելանիա Թրամփ. Ես երբեք Էփշթէյնի զոհը չեմ եղած

 

Ես երբեք Էփշթէյնի զոհը չեմ եղած եւ տեղեակ չեմ եղած անոր յանցաւոր գործունէութեան մասին, յայտարարած է ԱՄՆ-ի առաջին տիկին Մելանիա Թրամփը եւ կտրականապէս հերքած սեռական թրաֆիքինկի մէջ մեղադրուող ֆինանսիսթ Ճեֆրի Էփշթէյնի հետ անձնական կապերու մասին լուրերը՝ նման մեղադրանքները անուանելով իր հեղինակութիւնը վարկաբեկելու չարամիտ փորձ։

«Զիս անպարկեշտ Ճեֆրի Էփշթէյնի հետ կապող սուտերը պէտք է դադրին։ Անոնք, որոնք կը ստեն իմ մասին, զուրկ են բարոյական չափանիշներէ եւ յարգանքէ։ Ես երբեք ընկեր չեմ եղած Էփշթէյնի հետ»,– ըսած է առաջին տիկինը։