image
Հրատապ լուրեր:

Մայրաքաղաք Դամասկոսը դարձեալ հարուածներու թիրախ

Մայրաքաղաք Դամասկոսը դարձեալ հարուածներու թիրախ

Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսը կիրակի երեկոյեան թիրախ դարձած է Իսրայէլեան օդային հարուածներու։

Կը նշուի նաեւ, որ հրթիռներ նետուած են Դամասկոսի Միջազգային Օդակայանի շրջակայքը։

Աւելի ուշ եւ ըստ Սուրիոյ պետական հեռուստակայանին հարուածներուն հետեւանքով երկու զինուորներ վիրաւորուած են։

Յիշեցնենք, որ անցնող 5 օրուան ընթացքին այս երկրորդ անգամն է, որ Դամասկոս թիրախ կը դառնայ  իսրայէլեան  հարուածներու։