«Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական ծառայութիւնէն կը կարդանք՝
Կարտինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանին նուիրուած սենեակ – թանգարանին բացման առիթով Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան մեծաւոր` Մայր Արուսեակ Սաճոնեանին մեզի փոխանցեց որոշ տեղեկութիւններ եւ անդրադարձաւ Կարդինալ Աղաճանեանի եւ Սրբուհի Մայր Թերեզայի միջեւ հանդիպումին` Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Մայրավանքին մէջ, այս մէկը նկատելով երկու սուրբերու միջեւ հանդիպում։
Անցեալ 28 Յունիս 2023ին Հռոմի Մոթեվերտէ շրջանին մէջ գտնուող Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն, որով բացումը կատարուեցաւ այն սենեակ-թանգարանին, որուն մէջ Աստուծոյ Ծառայ՝ վսեմաշուք Կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան ապրեցաւ իր հիւանդութեան վերջին շրջանին եւ ուր իր մահկանացուն կնքեց 16 Մայիս 1971-ին։
Այս բացման արարողութեան մասին Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի անձնակազմը առիթը ունեցաւ հանդիպելու եւ զրուցելու Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան մեծաւոր` Մայր Արուսեակ Սաճոնեանին հետ, որ մեզի փոխանցեց որոշ տեղեկութիւններ` թանգարան – սենեակին մէջ պահուած մասունքներու մասին եւ զրոյցի աւարտին յատուկէն անդրադարձաւ մէկ կարեւոր եղելութեան` այն է Կարտինալ Աղաճանեանի եւ Սրբուհի Մայր Թերեզայի միջեւ հանդիպումը Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Մայրավանքին մէջ, այս մէկը նկատելով երկու սուրբերու միջեւ հանդիպում։
