image

Մատրիտի մէջ պայթում. Կան տուժածներ (Տեսանիւթ)

Մատրիտի  մէջ պայթում. Կան  տուժածներ  (Տեսանիւթ)

Մատրիտի շէնքերէն մէկուն մէջ պայթումի հետեւանքով վեց մարդ տուժած է:

Պայթումը, որ տեղի է ունեցած ժամը 13.00-ի սահմաններուն Մատրիտի Սալամանքա թաղամասի շէնքին մէջ, տուժած է առնուազն վեց մարդ:

Միջադէպին պատճառն այս պահին պարզ չէ: Սպանական լրատուամիջոցներուն մէջ վարկածներ կը հնչեն, որ այդ կրնայ ըլլալ կենցաղային կազի կամ շէնքի մէջ կաթսայի պայթում:

Ոստիկանութիւնը շրջափակած է տարածքը, իսկ հրշէջ փրկարարները կը ստուգեն շէնքը` այլ վնասներ յայտնաբերելու համար: