image
Հրատապ լուրեր:

Մասեացոտնի Թեմի Գործունէութիւններէն. Հանգստեան ժամերգութիւն եւ սիրոյ սեղան

 Մասեացոտնի Թեմի Գործունէութիւններէն. Հանգստեան ժամերգութիւն եւ սիրոյ սեղան

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ժրաջան միաբան հայրերէն՝ Գերշ. Տ. Գէորգ եպս. Սարոյեան  աշխուժ կերպով կը շարունակէ իր Թեմակալ Առաջնորդի գործունէութիւնը։

Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Թեմի դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ ներկայացուած լրատւութիւնը՝

Մարտ 21-ին Մասեացոտնի թեմի առաջնորդ Տէր Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանի հանդիսապետութեամբ՝ Արգաւանդի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է Հանգստեան ժամերգութիւն։ 

Թեմի բոլոր հոգեւորականները, իրենց համայնքներէն ուխտաւոր հաւատացեալներու ուղեկցութեամբ, միասնական աղօթք բարձրացուցած են առ Բարձրեալը՝ մեր երկրի խաղաղութեան եւ հոգեւոր կեանքի զօրացման համար։ Աւարտին կատարուած է աղօթք գերիներու համար։

Ժամերգութենէն ետք եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցած է պահքային կերակուրներու հիւրասիրութեամբ սիրոյ ճաշ։

Մեծ Պահքի շրջանին միասնական ժամերգութիւններ պիտի ըլլան նաեւ թեմի հետեւեալ եկեղեցիներուն մէջ.

· Մարտի 28 - Մասիսի Սուրբ Թադէոս եկեղեցի,

· Ապրիլ 4 - Վետիի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի,

· Ապրիլ 11 - Արարատ քաղաքի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցի։