Էջմիածնի մէջ հաւաք. Կաթողիկոսի հրաժարականի պահանջով
Մայր տաճարի մէջ ,18 դեկտեմբերին, մեկնարկած էր երեկոյեան ժամերգութիւնը, որուն կը մասնակցէր նաեւ Գարեգին Բ.-ն։
Նոյն ժամանակ, Մայր աթոռի բակին մէջ հաւաքուած են 10 եպիսկոպոսներու հրաւէրով կաթողոսի հրաժարականը պահանջողները. անոնք ալ վանկարկած են «Հեռացիր»։ Այնտեղ եղած են նաեւ կաթողիկոսի կողմնակիցները, որոնք վանկարկած են «Վեհափառ»։
Ոստիկանները երկու կողմերու միջեւ պատ կազմած են՝ այդպէս առանձնացնելով անոնց։
Այս աղմուկը երբեք չի կրնար խաթարել մեր առաքելութիւնը. Գարեգին Բ. Կաթողիկոս
Կը շարունակուին յարձակումները մեր եկեղեցւոյ դէմ, Սուրբ Էջմիածնի դէմ հերթական ոտնձգութիւնը կատարուեցաւ այսօր, այս մասին Մայր Աթոռի մէջ ժամերգութեան ժամանակ ըսած է Վեհափառ Հայրապետը։
«Այս աղմուկը երբեք չի կարող խաթարել մեր առաքելութիւնը, մեր ծրագրերը, որոնք կոչուած են մեր երկրի շինութեան համար»,-նշած է ան։
Վեհափառը նշած է, որ Սուրբ Էջմիածինը ամէնքի տունն է։
«Ինքն իր մէջ բաժանուած ամէն թագաւորութիւն աւերւում է։ Այսօր տագնապային օրեր ենք ապրում` մեր երկիրը գտնւում է անվտանգային լուրջ մարտահրաւէրների առաջ, բայց այս պայմաններում, փոխանակ հանրութեան մէջ հաշտութեան, միասնութեան ոգին վերականգնելու, եկեղեցի–պետութիւն խաթարուած յարաբերութիւնները վերականգնելու, շարունակւում են յարձակումները հայ եկեղեցու վրայ։ Սուրբ Էջմիածնի հանդէպ հերթական ոտնձգութիւնը կատարուեց այսօր, ցաւօք, նաեւ որոշ մեր հոգեւոր եղբայրների միջոցով։ Սակայն հաւատաւոր մեր ժողովուրդը մնում է աներեր»,–ըսած է Գարեգին Բ.–ն։
Մեր առաքելութիւնն այս պահուն աւարտած է. 10 եպիսկոպոսները կաթողիկոսի հրաժարականի պահանջով նամակ յանձնած են քարտուղարութեան
10 եպիսկոպոսները Մայր Աթոռի բակին մէջ յայտարարեցին, որ կաթողիկոսի հրաժարականի պահանջով նամակ յանձնած են քարտուղարութեան։
«Մեր առաքելութիւնն այս պահին աւարտած է։ Յաջորդ անգամ մենք այստեղ լինելու ենք ձեզ հետ միասին՝ Մայր Տաճարի միջից աղօթելու մեր ժողովրդի, ազգի, հոգեւոր դասի ամրապնդման եւ պայծառութեան համար»,–յայտարարած են անոնք ու քաղաքացիական հագուստով մարդոց ուղեկցութեամբ հեռացած են Մայր աթոռէն։
Նշենք, որ այսօր Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպած եպիսկոպոսները հաւաք կազմակերպած էին Մայր Աթոռի մէջ՝ կաթողիկոսի հրաժարականի պահանջով։ Անոնք կարճ ժամանակով եկած են Մայր տաճար, ուր հաւաքուած էին Վեհափառ Հայրապետին սատարող քաղաքացիները։ Անոնք յայտնած են, որ կաթողիկոսի հրաժարականի պահանջով նամակ յանձնած են քարտուղարութեան, ապա ԱԱԾ-ի ուղեկցութեամբ հեռացած են։