image

Մասարայի աւանդական արարողութիւն Երեւանի մէջ. Լուսանկար

Մասարայի աւանդական արարողութիւն Երեւանի մէջ. Լուսանկար

«Քեսապ Հայրենակցական Միաւորում»-ին կազմակերպութեամբ, Կիրակի 6 Հոկտեմբեր 2024-ին, Երեւանի Մխիթարեան Ճեմարանի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ քեսապցիներուն յատուկ Մասարայի (ռուպի պատրաստութեան) աւանդական արարողութիւնը, կը տեղեկանանք «Քեսապ Հայրենակցական Միաւորում»-էն: 

Շաբաթ յետմիջօրէին մասարայի պատրաստութեան համար կազմուած յանձնախումբը եւ խումբ մը քեսապցի երիտասարդներ սկսան նախապատրաստական աշխատանքները: Երեկոյեան ժամը ութի կողմերը կրակը վառուեցաւ՝ սկիզբ տալով ռուպի պատրաստումին, որ տեւեց մինչեւ Կիրակի կէսօր:

 

Առաւօտեան Ս. եւ Անմահ Պատարագէն ետք ներկայ ժողովուրդը Ճեմարանի շրջափակէն ներս առիթ ունեցան ականատես դառնալու կրակի վրայ եփուող ռուպի ընթացքին: Եփելէն ետք ներկաները առիթն ունեցան դափնիի տերեւով համտեսելու քաղրահամ փրփուրը: Մթնոլորտը տօնական եւ խանդավառ էր:

Ներկաներէն շատեր մտածումներով Քեսապ գացած էին՝ վերյիշելով տարիներ առաջ պապենական տուներէն ներս կատարուող մասարայի աւանդութիւնները, մեծերուն պատումներն ու փորձառութիւնները, եւ այլն: