image
Հրատապ լուրեր:

Մարզահամերգային համալիրի բակին մէջ բացուեցաւ Կարէն Տեմիրճեանի արձանը

Մարզահամերգային համալիրի բակին մէջ բացուեցաւ Կարէն Տեմիրճեանի արձանը

Այսօր Երեւանի Մարզահամերգային համալիրի դիմաց տեղի ունեցաւ ՀՀ Ազգային հերոս Կարէն Տեմիրճեանի արձանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Բացման ներկայ էին շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, այդ շարքին՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը եւ ԱԺ Նախագահ Ալեն Սիմոնեանը:

Բացման արարողութեան ելոյթով հանդէս եկան Կարէն Տեմիճեանի որդին՝ Ստեփան Տեմիճեանը, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Երեւանի քաղաքապետի թեկնածու Տիգրան Աւինեանը: