Այսօր Երեւանի Մարզահամերգային համալիրի դիմաց տեղի ունեցաւ ՀՀ Ազգային հերոս Կարէն Տեմիրճեանի արձանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Բացման ներկայ էին շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, այդ շարքին՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը եւ ԱԺ Նախագահ Ալեն Սիմոնեանը:
Բացման արարողութեան ելոյթով հանդէս եկան Կարէն Տեմիճեանի որդին՝ Ստեփան Տեմիճեանը, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Երեւանի քաղաքապետի թեկնածու Տիգրան Աւինեանը: