image

Մարտակերտի եւ Ասկերանի մէջ չպայթած զէնքերու վնասազերծում պիտի ըլլայ

Մարտակերտի եւ Ասկերանի մէջ չպայթած զէնքերու վնասազերծում պիտի ըլլայ

 

Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ օրուայ ընթացքին չպայթած զէնք-զինամթերքի վնասազերծման աշխատանքներ կը նախատեսուին Մարտակերտ քաղաքին մէջ, Մարտակերտի շրջանի Ճանկաթաղ համայնքին մէջ, Ասկերանի շրջանի Խնածախ, Այգեստան եւ Խաչեն համայնքներուն մէջ:

 

«Ուստի խնդրում ենք պայթիւններ լսելու դէպքում խուճապի չմատնուիլ:

Ծառայութեան սակրաւորական ջոկատները, մարդասիրական ականազերծման կեդրոնները եւ ՌԴ ՊՆ սակրաւորները շարունակում են Արցախի տարածքում վտանգ ներկայացնող ռազմամթերքը մաքրելու գործընթացը»,-ըսուած է Արցախի ԱԻ պետական ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ: