Քիւրտերը կա՛մ պէտք է վար դնեն զէնքերը, կա՛մ իրենց զէնքերուն հետ պիտի թաղուին սուրիական հողերուն մէջ. այս մասին ըսած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը: Այս մասին գրած է Al Arabiya-ն:
«Անջատողական մարդասպանները կա՛մ հրաժեշտ պիտի տան իրենց զէնքերուն, կա՛մ անոնց զէնքերուն հետ պիտի թաղեն սուրիական հողերուն մէջ: Մենք պիտի դիմակայենք բոլոր ահաբեկչական խմբաւորումները, որոնք կը ձգտին շահարկել Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակը»,-ըսած է Էրտողանը խորհրդարանին մէջ իր իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան պատգամաւորներուն: