Պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած է Մարսէյլի քաղաքապետ Պենուա Փայանը։ Այս մասին ան գրած է դիմատետրեան իր էջին՝ հրապարակելով տեսանիւթ։
«Մեծ յուզմունք կը տիրէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին, Խաչիկ բժշկական կեդրոնին մէջ եւ Պարոյր Սեւակի՝ արցախցի փախստականներու ընդունման կեդրոնին մէջ։ Մարսէյլը կ՚աջակցի հայ ժողովուրդին եւ խաղաղութեան»,- գրած է ան։