image

Մարսէյլ.  10-րդ թաղամասին դպրոցը կոչուեցաւ «Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեան»-ի անունով

Մարսէյլ.  10-րդ թաղամասին դպրոցը կոչուեցաւ «Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեան»-ի անունով

Մարսիլիոյ մէջ, 10-րդ թաղամասին դպրոցը (rue Édouard Alexander, 13010 Marseille) կոչուած է «Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեան»-ի անունով։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։

Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝

Մայիս 17-ին, Մարսիլիոյ 10-րդ թաղամասին դպրոցը (rue Édouard Alexander, 13010 Marseille) կոչուեցաւ «Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեան»-ի անունով։

Դպրոցին ցուցատախտակի բացման արարողութեան ներկայ էր քաղաքապետ Պընուա Փայան, Հայաստանի աւագ հիւպատոս Արա Մկրտչեան, 9-րդ եւ 10-րդ թաղամասերու թաղապետ Անն-Մարի տ՛Էսթիէն տ՛Օռվ, 2-րդ եւ 3-րդի թաղապետ Անթոնի Քրեմեյեր, քաղաքապետութեան բազմաթիւ ընտրեալներ, աշակերտներ եւ ծնողներ։

Մարսիլիացիներուն եւ յատկապէս տեղւոյն հայ համայնքին համար խորհրդանշական է երեւոյթը՝ Ֆրանսայի համար իրենց կեանքը զոհած մարտիկներուն յիշատակը վառ պահելու եւ պատմութիւնը չմոռնալու առումով։

Այս կապակցութեամբ «Միսաք Մանուշեան շարժում»-ը հետեւեալ հաղորդագրութիւնը հրապարակեց.

«Այս առաւօտ ներկայ էինք Մարսիլիոյ 10-րդ թաղամասը գտնուող “Մելինէ եւ Միսաք Մանուշեան” դպրոցի անուանակոչութեան արարողութեան։  

Շնորհակալութիւն Մարսիլիոյ քաղաքապետութեան, որ կը պատուէ Դիմադրութեան այս երկու մեծ դէմքերուն յիշատակը եւ այսպէսով կը տարածէ անոնց արժէքները կրթութեան այս բարձր հաստատութեան մէջ:

Սա մեր Շարժումին նպատակներէն մէկն է»: