Հայ–թրքական սահմանին գտնուող Մարկարայի անցակէտի սպասարկումը սկսելու համար քաղաքական որոշում պէտք է կայացուի։ Կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցին այս յայտարարութիւնը ըրած է ՀՀ պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Ռուստամ Բադասեանը։
«Մարգարայի անցակէտը պատրաստ է սպասարկելու երրորդ երկրների քաղաքացիներին եւ դիւանագիտական անձնագիր ունեցող անձանց։ Արդէն վաղուց պատրաստ է։ Չգիտեմ` երբուանից է սպասարկուելու, քաղաքական որոշում պէտք է կայացուի»,–ըսած է ան։
Հայկական կողմը Մարկարայի անցակէտի կառուցման համար մօտ 750 միլիոն դրամ ծախսած է։ Լրագրողի դիտարկման, որ հակառակ Հայաստանի կատարած ծախսերուն`Թուրքիան քայլ չըներ, Բադասեանը պատասխանած է`անցակէտն այսպէս թէ այնպէս պէտք է կառուցուէր։
Ան նշած է, որ նախնական պայմանաւորուածութիւն եղած է, որու շրջածիրէն ներս ալ Հայաստանն աշխատանքներ իրականացուցած է, եւ երբ քաղաքական որոշում կ՚ըլլայ, սպասարկումը պիտի իրականացուի։
Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահն ըսած է, որ տեղեկութիւն չունի`թրքական կողմը որեւէ աշխատանք կը կատարէ, թէ ոչ։ Աւելին` Բադասեանը նշած է, որ թերեւս այն կողմի վրայ լրացուցիչ աշխատանքներ իրականացնելու կարիք չկայ։