image
Հրատապ լուրեր:

Մարիա Գաբրիէլեան ընտրուած. Հայուհին Սուրիոյ Խորհրդարանի նոր գումարման միակ հայ անդամն է

Մարիա Գաբրիէլեան ընտրուած. Հայուհին Սուրիոյ Խորհրդարանի նոր գումարման միակ հայ անդամն է

Հալէպի հայկական համայնքային (կրօնական, թէ աշխարհիկ) շրջանակներու նեցուկը վայելող Մարիա Մանուկ (Գաբրիէլեան) ընտրուած է Սուրիոյ Խորհրդարանի անդամ։ Ուշագրաւն այն է, որ հայուհին Սուրիոյ Խորհրդարանի նոր գումարման միակ հայ ներկայացուցիչն է։

Ստորեւ այդ մասին Հալէպի «Գանձասար»ի դիմատետրեան էջով տրուած  լրատւութիւնը։

Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու դատական բարձրագոյն յանձնաժողովի նախագահ Ճիհատ Մուրատ քիչ առաջ, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, լրատուամիջոցներու ներկայութեան յայտարարեց խորհրդարանի ընտրուած 250 երեսփոխաններու անունները։

Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան ընտրուեցաւ, Հալէպէն, ազգի միասնական թեկնածու Մարիա Մանուկ (Գաբրիէլեան)։

Մարիա Մանուկ (Գաբրիէլեան) Սուրիոյ խորհրդարանի օրէնսդրական 4-րդ նստաշրջանի ընտրութիւններուն արդիւնքով ընտրուած միակ հայ երեսփոխանն է։

Ընտրութիւններ տեղի ունեցան Երկուշաբթի, 15 Յուլիս 2024-ին, Սուրիոյ նահանգներու 8151 կեդրոնի մէջ։

1516 թեկնածուներ մրցեցան խորհրդարանի 250 աթոռներուն համար։