«Աղուորներուն համար կ՛ուզեմ ապրիլ, ինչպէս մեռնիմ,
Աղուորներուն համար կ՛ուզեմ մեռնիլ, ինչպէս ապրիմ»:
Վ. ԹԷՔԷԵԱՆ
Շողիկը այն աղուորն է, որ սիրուեցաւ բոլորին կողմէ, ու ինք սիրեց իր շուրջինները` անսակարկ նուիրումով ու մեծ հոգածութեամբ:
40 օրեր առաջ ան բաժնուեցաւ մեզմէ` իրմէ մաս մը ձգելով մեր սրտերուն մէջ:
Սիրելի՛ Շողիկ,
Դժուար է հրաժեշտի խօսք ըսել քեզի, երբ կը գիտակցիմ, որ այդ պիտի ըլլայ վերջինը: Դժուար է, որովհետեւ կ՛ուզենք մնաս մեր մօտ, դժուար է, որովհետեւ մեր սիրելին ես, մեր սրտակիցը, ընկերուհին, հարազատը…
Բոլորիս վիշտը մեծ է ու խոր: Պատրաստ չէինք այս բաժանումին: Պիտի կրենք այս ցաւը, որ օրէ օր պիտի փոխէ մեր ներաշխարհը, ու կազմուի ամբողջութիւն մը` մէկտեղելով քեզ մեր հոգիներուն խորը իբրեւ անուշ յիշատակ:
Արժանիքներդ շատ են, Շողի՛կ ու հոգեկան աշխարհդ` հարուստ ու գունագեղ:
Ազնիւ, վեհանձն, բարեսիրտ, անկեղծ, աշխատասէր, հանդուրժողականութիւն ունեցող, ազնուական, կենսալից եւ սիրով լի: Սիրտդ միշտ ներել գիտէր, եւ հարցերը կը լուծէիր դրական մօտեցումով` առանց մէկը վշտացնելու կամ նսեմացնելու: Կը սիրէիր կեանքը եւ նրբաճաշակ երանգ մը կու տայիր քու իւրայատուկ ոճովդ:
Նուիրուածութիւնդ մեծ էր քու ընտանիքիդ, սիրելի Լեւոնիդ, որքան գուրգուրոտ եւ յարգալիր էիր իր նկատմամբ: Պարզութեան, անկեղծութեան եւ բարութեան մէջ զիրար կ՛ամբողջացնէիք: Շատ սիրելի զաւակներուդ` Լոռիիդ եւ Կարոյիդ եղար իտէալ մայրը: Անոնց սերմանած էիր առաքինութիւն եւ ազնուականութիւն: Մեծ զոհողութիւններով մղեցիր, որ հետեւին ամենալաւ ու բարձր ուսման, անոնք տիրացան բարձր վկայականներու: Դուն շատ գոհ էիր, ուրախ ու հպարտ իրենցմով:
Նուիրուածութիւնդ անշահախնդիր էր ընկեր-ընկերուհիներուդ նկատմամբ: Սիրուած էիր բոլորին կողմէ, ունէիր ընկերային լայն շրջանակ: Միշտ վեր էիր բոլոր մանրուք հարցերէն` համերաշխ ու գիտակից վարուելակերպով:
Նուիրուածութիւնդ կենսունակ էր քու շատ սիրելի Համազգայինի ընտանիքիդ, ուր երկար տարիներ մեծ եռանդով եւ բծախնդրութեամբ աշխատեցար, որովհետեւ լաւ հայ էիր ու կը հաւատայիր հայ մշակոյթի ծաղկումին եւ պաշտպանումին` սփիւռքի մէջ:
Երկար տարիներ եղար Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամ, Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչական անդամ եւ «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան անդամ: Ներդրումդ մեծ էր եւ ներկայութիւնդ` ազդեցիկ:
Արուեստի տարբեր մարզերու սիրահար էիր, միշտ կը փնտռէիր գեղեցիկն ու իւրայատուկը եւ միշտ ունէիր բազմաթիւ բնատուր ձիրքեր:
Նրբաճաշակ ոգիդ եւ աշխատասիրութիւնդ մղեցին քեզ, որ ստեղծագործես եւ ունենաս քու անձնական կնիքդ, որ երազանքդ էր ու կոչեցիր երազ: Իրականացուցիր այդ երազդ, որ գնահատուեցաւ ու տարածուեցաւ:
Շողի՛կ, մեզի սորվեցուցիր ըլլալ քաջ, ըլլալ տոկուն, ըլլալ յարատեւող:
Մեզի խթանիչ ուժ եղար` աշխատելու, երբ ուժասպառ ըլլայինք, ըլլալու գոհ, երբ յուսահատ ըլլայինք եւ ժպտելու ըլլայինք, երբ նեղացած ըլլայինք:
Մեզի սորվեցուցիր հաւատալ մեր կարողութիւններուն, հետապնդել մեր նպատակներն ու հասնիլ մեր երազներուն:
Մարդկային արժանիքներով հարուստ սիրտդ, ազնուական ոգիդ եւ երազդ կը թողուս մեզի, թանկագի՛ն Շողիկ:
Ցտեսութիւն: Ննջէ խաղաղութեամբ:
Սիլվա Սողոմոնեան
Նիւթը՝ «Ազդակ»էն