Ցաւալի լուր մը ստացանք․ կեանքին հրաժեշտ տուաւ Յովհաննէս Մինասեան՝ Հանս Քոսթըր, հայ ռազմագերիի զաւակը, որ ամբողջ կեանքին ընթացքին ապրեցաւ իր հօր յիշատակով, իր արմատներու որոնումով եւ հայկական ինքնութեան պահպանման նուիրումով։
Յովհաննէս Մինասեան ծնած էր 1944 Նոյեմբեր 2-ին, Նետըրլանտներու Զելանտիա նահանգի Քամփերլանտ գիւղը։ Անոր հայրը՝ Մամիկոն Սաֆարի Մինասեան, հայ ռազմագերի մըն էր։ Պատերազմէն ետք զինք արտաքսեցին Խորհրդային Միութիւն, ապա՝ Սիպերիա։ Երկար տարիներ Յովհաննէսի մայրը լուռ մնացած էր անոր հօր ճակատագիրին մասին, եւ մինչեւ 15 տարեկան դառնալը ան գրեթէ ոչինչ գիտէր իր հօր մասին։
Հասուն տարիքին Յովհաննէս սկսաւ որոնել իր հայրը։ Ան տարբեր լեզուներով յօդուածներ կը հրատարակէր, կը փնտռէր պատերազմի մասնակիցներ, եւ կապ կը հաստատէր այն անձերուն հետ, որոնց հայրերն ալ հայ էին։ Տարիներու որոնումներէ ետք, «Հայրենիքի Ձայն» թերթին մէջ հրապարակուած տեղեկութիւններու միջոցաւ, ան յաջողեցաւ գտնել իր հօր ընտանիքը Հայաստանի մէջ։ Ցաւով իմացաւ, որ հայրը արդէն մահացած էր, սակայն Հայաստանի մէջ զինք ընդունեցին որպէս հարազատ։ Անոր յանձնեցին աքսորէն ղրկուած հօր նամակները, որոնք տարիներով բաժնուած հօր եւ որդւոյ միջեւ դարձան ամենաթանկ կապը։
«Ազատութիւնը Պարտաւորեցնող Է» ժապաւէնին մէջ Յովհաննէս Մինասեան կ’ըսէր․ «Ես հայու զաւակ եմ»։ Այս բառերը անոր կեանքին եւ ինքնութեան ամենաբնորոշ արտայայտութիւնն էին։
Ան կը խօսէր հոլանտերէն, գերմաներէն եւ ֆրանսերէն։ Կը սիրէր մարմնամարզութիւնը, ֆութպոլ կը խաղար եւ սահադաշտի մարզանքով կը զբաղէր։ 42 տարի գերմաներէնի դասախօս եղած է Միտըլպուրկի «Տելթա» գոլէճին մէջ։ 2006-ին անցած է հանգստեան։ 1980-1990 տարիներուն կամաւորաբար ծառայած է Խուս քաղաքի ներգաղթեալներու կեդրոնին մէջ՝ հոլանտերէն սորվեցնելով ներգաղթեալներուն։
Յովհաննէս Մինասեան յաճախ կ’այցելէր Տէն Հաակի Աբովեան մշակութային միութեան ակումբը եւ մտերիմ յարաբերութիւններ ունէր միութեան նախագահ Մաթօ Հախվերտեանի հետ։ 1991-էն ետք երկու անգամ այցելած էր Հայաստան՝ իր հայրական տունն ու հօր գերեզմանը տեսնելու։ Ինքնաշխատ կերպով կը սորվէր ռուսերէն եւ հայերէն։ Հայաստանեան այցելութիւններէն ետք իր հետ Նետըրլանտներ կը տանէր հայերէն գիրքեր եւ այբուբեններ։
Ան կը սիրէր կարդալ եւ ինքնադաստիարակուիլ։ Վերջին տարիներուն իր ընկերոջ հետ կազմած եւ հրատարակած էին հոլանտերէն-հայերէն խօսակցական բառարան մը։
Յովհաննէսը պարտաճանաչ կերպով կը մասնակցէր դիմադրական շարժումին եւ ազատութեան մարտիկներուն նուիրուած ձեռնարկներուն՝ Միտելհարնիսի մէջ, ինչպէս նաեւ Լոստընի Sovjet Ereveld զինուորական գերեզմանատան մէջ, ուր յարգանքի տուրք կը մատուցուէր 1944-ի Դեկտեմբերին նացիստներու կողմէ գնդակահարուած եօթը հայ ռազմագերիներու յիշատակին։
Ան կեանքէն հեռացաւ Ապրիլ 26-ի երեկոյեան՝ հիւանդանոցին մէջ, սրտի անբաւարարութեան հետեւանքով։
Յովհաննէս Մինասեան բարի ամուսին էր եւ հոգատար հայր՝ իր երկու որդիներուն համար։
Այսօր անոր յիշատակին առջեւ կը խոնարհին բոլոր անոնք, որոնք զինք ճանչցած ու գնահատած են։ Դեռ թարմ է յիշողութիւնը, երբ Միտելհարնիսի մէջ FAON-ի՝ Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու դաշնակցութեան ձեռնարկին ընթացքին, ան հարցազրոյց տուած էր «Նետըրլանտական Օրագիր»-ին եւ ծաղիկներ զետեղած զոհուած հայ ռազմագերիներու յիշատակին։
Այսօր արդէն մենք ենք, որ խունկ կը ծխենք եւ ծաղիկներ կը զետեղենք ճակատագրով հայ Յովհաննէս Մինասեանի յիշատակին։
Հանգչէ՛ խաղաղութեամբ։
Նիւթը քաղած ենք «Նետըրլանտական Օրագիր» առցանց հարթակէն