image

Հալէպ. Լազար Նաճարեան Վարժարանի աշակերտները՝ առաջատար

Հալէպ. Լազար Նաճարեան Վարժարանի աշակերտները՝ առաջատար

Հալէպի մէջ տեղի ունեցած միջ-դպրոցական ընդհանուր զարգացման մրցումին փայլուն դիրք գրաւած են Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանի սաները։

Այդ մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ համացանցէն։

Ստորեւ հրապարակուած լրատւութիւնը՝ 

Հ.Ե.Ընկերակցութեան  Ուսանողական յանձնախումբի կազմակերպած միջ֊դպրոցական ընդհանուր զարգացման մրցումին, որ նուիրուած էր մեծն Կոմիտաս վարդապետի մահուան յիշատակին Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լ.Ն.Գ.Կ. Կեդր. վարժարանի աշակերտները գրաւեցին երկրորդ դիրքը։

Մասնակիցներ' Յարութ Յովհաննիսեանը, Լորա Ստանպուլեանը եւ Մարիա Գասապեանը հսկայական աշխատանք տարած էին պատրաստուելու մրցումին եւ պէտք է նշել, որ անոնք շատ քիչ տարբերութեամբ գրաւեցին երկրորդ դիրքը։