image

Հալէպ. Լազար Նաճարեան Վարժարանի աշակերտներու ճանաչողական այցը՝ Առաջնորդանիստ Եկեղեցի

 Հալէպ. Լազար Նաճարեան Վարժարանի աշակերտներու ճանաչողական այցը՝ Առաջնորդանիստ Եկեղեցի
Օրերս ՀԲԸՄ-ի Լազար Նաճարեան Վարժարանի սաները ճանաչողական  այցելութիւն մը կատարած են Հալէպի  Առաջնորդանիստ Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցի։ 
 Հոգեշահ այցին մասին «Արեւելք» իմացաւ համացանցէն։
 Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝
Հինգշաբթի, 16 Հոկտ.ին Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լ.Ն.-Գ.Կ. Կեդր. վարժարանի 6֊րդ կարգի աշակերտները ճանաչողական այցելութիւն մը կատարեցին Առաջնորդանիստ Ս. Քառասուն Մանկունք եկեղեցի, ուր զիրենք դիմաւորեց Հոգշ. Տէր Արմէն Աբղ. Գալաճեանը։ Պէտք է խոստովանիլ որ հայր սուրբը կրցաւ աշակերտներուն հետաքրքրող ոճով բացատրել եկեղեցւոյ մէջ գտնուող բոլոր սրբապատկերները եւ ներկայացնել անոր պատմական արժէքը։

Եկեղեցւոյ բակին մէջ հիւրասիրուելէ ետք այցելութիւնը շարունակուեցաւ այս անգամ սրբազան Հօր հետ։ Հաճելի էր սրբազան հօր եւ աշակերտներուն միջեւ հոգեւոր եւ դաստիարակիչ զրոյցը, որուն ընթացքին ան հորդորեց աշակերտները ամուր մնալ իրենց հաւատքին մէջ, ինչպէս նաեւ հարազատօրէն կապուիլ իրենց գաղութին եւ ազգային ժառանգութեան։

Աւարտին սրբազան հայրը աշակերտներուն նուիրեց իր իսկ հեղինակած գիրքը։