image

Ճօ Պայտընի ժողովրդականութիւնը կը նահանջէ

Ճօ Պայտընի ժողովրդականութիւնը կը նահանջէ

ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի գործունէութեան վարկանիշը ինկած է մինչեւ 37․8 տոկոս եւ դարձած է ամենացածը պաշտօնավարման մեկնարկի պահէն։ Այս մասին կը վկայեն հարցախոյզի արդիւնքները։

Այսպիսով՝ հարցուածներու 46 տոկոսը յայտնած է, որ Սպիտակ տան ղեկավարը կը կատարէ իր պարտականութիւնները սպասուածէն վատ։

2024 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն Պայտընի մասնակցութեան դէմ հանդէս եկած է հարցման մասնակիցներուն 64 տոկոսը, որմէ 28 տոկոսը կազմած են նախագահի Դեմոկրատական կուսակցութեան կողմնակիցները։ Միեւնոյն ժամանակ մասնակիցներուն 40 տոկոսը պատրաստ է իր ձայնը տալու Պայտընի օգտին, եթէ մօտ ժամանակներս ընտրութիւններ կայանան։ Պետութեան նախկին ղեկավար Տոնալտ Թրամփին պատրաստ է աջակցելու հարցուածներուն 44 տոկոսը, եւս 11 տոկոսը հանդէս եկած է այլ թեկնածուի օգտին։

Հետազօտութեան մասնակցած է մօտաւորապէս1000 քաղաքային