image

Մաքրոն «խիզախութիւն» որակած է Հայաստանի կողմէ «Հռոմի ստատուտ»ին միանալը

Մաքրոն «խիզախութիւն» որակած է Հայաստանի կողմէ «Հռոմի ստատուտ»ին միանալը

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը ընդգծած է Հայաստանի խիզախութիւնը՝ Հռոմի ստատուսին միանալու համար: Մաքրոնի խօսքը X էջէն մէջբերած է ՀՀ-ի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին:

«Այստեղ ես կ՚ուզէի աւելցնել Հայաստանի խիզախութիւնը, որ որոշեց միանալ Հռոմի ստատուսին: Շատ ուշագրաւ քայլ մը՝ հաշուի առնելով, որ վերջին քանի մը ամիսները իրենց բաժին ողբերգութիւնները բերած են այս երկրին եւ այս ժողովուրդին», - ըսած է Մաքրոն:

Յիշեցնենք՝ 2023 թուականի հոկտեմբեր 3-ին Ազգային Ժողովը 60 կողմ, 22 դէմ, 0 ձեռնպահ ձայներով վաւերացուց Հռոմի ստատուսը: Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոքի գիր յղեց՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ Հռոմի ստատուսը Ազգային Ժողովի վաւերացմանն ուղարկելու առնչութեամբ։ Պատճառն այն է, որ Հռոմի ստատուսը վաւերացուցած երկիրները պարտաւոր են ձերբակալել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը՝ Միջազգային քրէական դատարանի հրամանագրի համաձայն։