image

Մաքրոն հանդիպում պիտի ունենայ հայկական համայնքին հետ

Մաքրոն հանդիպում պիտի ունենայ հայկական համայնքին հետ

Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլին ընդառաջ կը նախատեսուի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հանդիպումը նախագահի աթոռին կրկին յաւակնող Էմաունէլ Մաքրոնի հետ:

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանը նշեց, որ կ'ակնկալուի, որ Էմանուէլ Մաքրոնը հայկական համայնքին ներկայացնէ իր առաջարկները յառաջիկայ հինգ տարիներուն համար:

«էմանուէլ Մաքրոնի հետ կապը, աշխատանքը շարունակական է: Ան միշտ ներկայ կ'ըլլայ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքին, Ապրիլ 24-ի միջոցառումներուն: Տարուայ ընթացքին հանդիպումներ կ'ըլլան անոր հետ,  նախարարներուն հետ: Նոյնիսկ, եթէ դժգոհութիւններ ունինք, ապա հանրային հարթակով կը ներկայացնենք, օրինակ, 44-օրեայ պատերազմի հետ կապուած, այն իրականութեան, որ Ֆրանսան Ատրպէյճանին զէնք վաճառած է: Դատապարտած ենք,  այդ մասին խօսած ենք նախագահ Մաքրոնի հետ: Կարեւոր է յիշեցնել, որ  Ֆրանսայի ներկայութիւնը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին մէջ` որպէս համանախագահ երկիր, կարեւոր է: Նոյնիսկ, եթէ Ուքրանիոյ պատերազմը քիչ մը կը խանգարէ կամ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն միջեւ հարցեր կան, պէտք է քաջալերենք, որ Ֆրանսան շարունակէ իր գործը` որպէս համանախագահ երկիր», ըսաւ Մուրատ Փափազեանը:

Անդրադառնալով նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլ անցած յաջորդ թեկնածուին` «Ազգային ճակատ» ծայրայեղ աջակողմեան կուսակցութեան առաջնորդ Մարին Լը Փենին, Մուրատ Փափազեանը նշեց, որ անոր հետ որեւէ յարաբերութիւն երբեք չեն ունեցած, որովհետեւ միշտ մերժած են ծայրայեղ աջակողմեաններու հետ որեւէ համագործակցութիւն:

«Մենք չենք կրնար երեւակայել, որ Մարին Լը Փենին քուէ տրուի: Ծայրայեղ աջը միշտ կը մերժենք: Անոնք վտանգաւոր քաղաքականութիւն կ'առաջարկեն: Ֆրանսայի համար ծայրայեղ աջ նախագահ ունենալը խնդիր պիտի ըլլայ, շատ լուրջ պիտի թուլացնէ դիրքերը միջազգային ասպարէզին մէջ: Մարին Լը Փենը մեզի համար այլընտրանք չէ», ըսաւ Մուրատ Փափազեանը: