Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլին ընդառաջ կը նախատեսուի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հանդիպումը նախագահի աթոռին կրկին յաւակնող Էմաունէլ Մաքրոնի հետ:
Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանը նշեց, որ կ'ակնկալուի, որ Էմանուէլ Մաքրոնը հայկական համայնքին ներկայացնէ իր առաջարկները յառաջիկայ հինգ տարիներուն համար:
«էմանուէլ Մաքրոնի հետ կապը, աշխատանքը շարունակական է: Ան միշտ ներկայ կ'ըլլայ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքին, Ապրիլ 24-ի միջոցառումներուն: Տարուայ ընթացքին հանդիպումներ կ'ըլլան անոր հետ, նախարարներուն հետ: Նոյնիսկ, եթէ դժգոհութիւններ ունինք, ապա հանրային հարթակով կը ներկայացնենք, օրինակ, 44-օրեայ պատերազմի հետ կապուած, այն իրականութեան, որ Ֆրանսան Ատրպէյճանին զէնք վաճառած է: Դատապարտած ենք, այդ մասին խօսած ենք նախագահ Մաքրոնի հետ: Կարեւոր է յիշեցնել, որ Ֆրանսայի ներկայութիւնը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին մէջ` որպէս համանախագահ երկիր, կարեւոր է: Նոյնիսկ, եթէ Ուքրանիոյ պատերազմը քիչ մը կը խանգարէ կամ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն միջեւ հարցեր կան, պէտք է քաջալերենք, որ Ֆրանսան շարունակէ իր գործը` որպէս համանախագահ երկիր», ըսաւ Մուրատ Փափազեանը:
Անդրադառնալով նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլ անցած յաջորդ թեկնածուին` «Ազգային ճակատ» ծայրայեղ աջակողմեան կուսակցութեան առաջնորդ Մարին Լը Փենին, Մուրատ Փափազեանը նշեց, որ անոր հետ որեւէ յարաբերութիւն երբեք չեն ունեցած, որովհետեւ միշտ մերժած են ծայրայեղ աջակողմեաններու հետ որեւէ համագործակցութիւն:
«Մենք չենք կրնար երեւակայել, որ Մարին Լը Փենին քուէ տրուի: Ծայրայեղ աջը միշտ կը մերժենք: Անոնք վտանգաւոր քաղաքականութիւն կ'առաջարկեն: Ֆրանսայի համար ծայրայեղ աջ նախագահ ունենալը խնդիր պիտի ըլլայ, շատ լուրջ պիտի թուլացնէ դիրքերը միջազգային ասպարէզին մէջ: Մարին Լը Փենը մեզի համար այլընտրանք չէ», ըսաւ Մուրատ Փափազեանը: