image

Մաքրոն Էրտողան հանդիպման քննարկուած է Հայաստան- Ատրպէյճան յարաբերութիւններու հիմնահարցը

Մաքրոն Էրտողան հանդիպման քննարկուած է Հայաստան- Ատրպէյճան յարաբերութիւններու հիմնահարցը

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանի հետ քննարկած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցեր, յայտնած է Ֆրանսայի նախագահի աշխատակազմի մամուլի ծառայութիւնը։

«Ֆրանսայի նախագահը վերահաստատած է իր աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ընթացող երկխօսութեան` նպատակ ունենալով արագօրէն հասնիլ խաղաղութեան համաձայնագրի, որ կրնայ նոր էջ բանալ տարածաշրջանին մէջ», -ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Ըստ թրքական կողմի՝ պաղեստինեան հարթակին վրայ կայացած հանդիպման Մաքրոնն ու Էրտողանը քննարկած են նաեւ «երկկողմ յարաբերութիւնները, Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ պատերազմի ընթացքը, Իսրայէլի յարձակումները Պաղեստինի վրայ, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային հարցեր»։

Նշուած է, որ Էրտողան ընդգծած է Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդումը բոլոր ոլորտներու մէջ, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան գործընթացի աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը։