Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն կենսաթոշակային բարեփոխումներէն դժգոհ եւ իրեն՝ պետութեան ղեկավարի պաշտօնը լքելու կոչ ընող քաղաքացիներուն վստահեցուցած է, որ մտադիր չէ հրաժարական տալ։
Ինչպէս հաղորդած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը, Ֆրանսայի ղեկավարի եւ Փերոլ քաղաքի բնակիչներէն մէկու զրոյցի տեսնիւթը հեռարձակած է LCI հեռուստաալիքը։ Աղբիւրի հաղորդմամբ՝ Մաքրոնն անսպասելի կանգառ ըրած է Փերոլի մէջ Ֆրանսայի հարաւ կատարած իր այցի ընթացքին:
«Ես հրաժարական պիտի չտան, նման բան տեղի պիտի չունենայ: Մենք պէտք է սպասենք մինչեւ 2027 թուականը (նախագահական յաջորդ ընտրութիւններին - խմբ․)»,-ըսած է Մաքրոն՝ պատասխանելով մօտակայքը գտնուող եւ նախագահի հրաժարականը պահանջող կնոջ։