Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը «Մամիկոն Ասլանեան» կուսակցութիւններու դաշինքի Վանաձորի համայնքապետի թեկնածու Մամիկոն Ասլանեանը կալանաւորելու մասին որոշում կայացուց։
Ասլանեանը կալանաւորելու մասին միջնորդութիւնը ներկայացուցած էր Քննչական կոմիտէի քննիչը։
Ասլանեանին մեղադրանք առաջադրուած է պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելու, պաշտօնէական լիազօրութիւններն անցնելու, պաշտօնէական կեղծիքի յատկանիշներով։