image

« Մակիչը, Գաղափարի համար սկզբունքային...» Դոկտ.Վիգէն Յովսէփեան

« Մակիչը, Գաղափարի համար սկզբունքային...»  Դոկտ.Վիգէն Յովսէփեան

Ամերիկահայ   ազգային-քաղաքական գործիչ՝ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան կը գրէ ՝

 

Մակիչն ալ հեռացաւ մահկանացուներէս, եւ գնաց միանալու անմահներուն։

Անոր իւրայատկութիւնը չէր կայանար անոր մէջ որ իւրաքանչիւր մարտահրաւէրի, իւրաքանչիւր պատերազմի պարագային ան պիտի աճապարեր հասնիլ առաջին գիծ, այլ այն որ հասկցած էր թէ ամէն բանէ առաջ՝ ամէն սխրագործութենէ ու ամէն ծառայութենէ անդին, պէտք էր ՄԱՐԴ ըլլալ. ազնիւ մարդ, հեզ մարդ, սուտ շպարներով չպատսպարուող, սկզբունքի գծով անզիջող, ու գաղափարի համար միշտ սկզբունքային։

 Ատոր համար ալ Մակիչը միշտ մնաց ՄԱՐԴ, ՀԱՅ ՄԱՐԴ, առաքինի ընկեր, եւ նուիրեալ դաշնակցական զինուոր։

—-

 

Երազանքներուս աչքերը կուրցած են հիմա՝

անոնք չեն փնտռեր այլեւս,

համատարած մութին համակերպած՝

անոնք կը սողան միայն,

կը խարխաբեն միայն,

ու կ՚ուզեն շոյել քու տեսակդ,

որ իր պարզութեանը մէջ

իր կեանքով,

ու հիմա իր բացակայութեան ցոյց կուտայ թէ՝

իսկական հերոսները չեն մահանար։