image
Հրատապ լուրեր:

ՄԱԿ-ը Պիտի շարունակէ օգնել Սուրիոյ փախստականներուն

ՄԱԿ-ը Պիտի շարունակէ օգնել Սուրիոյ փախստականներուն

ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդը 9 յունուարին միաձայն բանաձեւ ընդունած է Սուրիոյ անդրսահմանային օգնութեան մեքանիզմի գործունէութիւնը վեց ամսով երկարաձգելու մասին: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է ԹԱՍՍ-ը։

Ընդունուած որոշմամբ պիտի երկարաձգուի 2022 թուականի 12 յուլիսին ընդունուած անդրսահմանային աջակցութեան մեքանիզմի մասին որոշումը։ Այն ուժի մէջ կը պահէ «Պապ ալ-Հաուա» անդրսահմանային օգնութեան միակ անցակէտի շահագործումը Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ սահմանին։

Ըստ բանաձեւի՝ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը պէտք է յատուկ զեկոյց ներկայացնէ Սուրիոյ մէջ մարդասիրական կարիքներու վերաբերեալ ոչ ուշ, քան 10 յունիսը։

Ի տարբերութիւն աջակցութեան մեքանիզմի վերաբերեալ նախկին փաստաթուղթերու՝ ներկայիս բնագիրը չի պարունակեր միջանցքի շահագործումը վեցամսեայ ժամկէտի աւարտէն ետք եւս վեց ամսով երկարաձգելու դրոյթ:

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի խօսնակ Ստեֆան Տիւժարիքը ըսած է, որ համաշխարհային կազմակերպութիւնը յանձնառու է օգտագործել բոլոր հնարաւորութիւնները՝ օգնութիւն ցուցաբերելու «ամենաանվտանգ եւ ամենաարդիւնաւէտ ուղիներով»: