Կիպրոս կը նախատեսէ հայրենադարձութեան ծրագիր մը սկսիլ սուրիացի ընտանիքներու համար, որոնք ետ կը կանչեն ապաստանի դիմումները։ Այս ծրագիրը պիտի արտօնէ ընտանիքի մէկ չափահաս անդամի մնալ կղզիին վրայ եւ աշխատիլ։ Այս մասին հաղորդած է AFP-ն։
Կիպրոսի գաղթի նախարար Նիքոլաս Իոանիտիս յայտարարած է, որ յաջորդ ամիսէն սկսեալ պիտի ներդրուին նիւթական խթաններ՝ ապաստան հայցող կամ միջազգային պաշտպանութիւն վայելող ընտանիքներու համար, որոնք կամաւոր կ՚ուզեն վերադառնալ Սիրիա։
Ան լրագրողներուն ըսած է, որ ծրագիրը կը կատարուի Եւրոպական Միութեան հետ համաձայնեցուած կերպով։ ԵՄ անդամ Կիպրոսը մէկ շունչի հաշուով սուրիացի արտագաղթողներու ամենամեծ ընդունողներէն մէկն է։
Կիպրոսի պաշտօնեաները ըսած են, որ 2500 սուրիացի արդէն ետ կանչած է իր ապաստանի դիմումը կամ հրաժարած է պաշտպանութեան կարգավիճակէն, իսկ մօտաւորապէս 2400-ը՝ վերադարձած են հայրենիք։
Հայրենադարձութեան ծրագիրը պիտի արտօնէ իւրաքանչիւր ընտանիքէն կամ զոյգէն մէկ անձի ստանալ յատուկ կացութեան եւ աշխատանքի արտօնագիր երկու տարուան համար։ Վերադարձող ընտանիքի անդամները պիտի ստանան 2000 եւրօ (2270 տոլար) ամուսիններէն իւրաքանչիւրի համար եւ 1000 եւրօ իւրաքանչիւր երեխայի համար։
Ծրագիրը պիտի գործէ Յունիս 2-էն մինչեւ Օգոստոս 31։
Կիպրոս ապաստան տրամադրած է հազարաւոր սուրիացիներու, որոնք 2011-ին փախած են քաղաքացիական պատերազմէն։ Միջերկրականի արեւելեան այս կղզին 200 քմ.-էն աւելի քիչ հեռու եղած է Սուրիոյ եւ Լիբանանի ափերէն եւ երկար ատեն փախստականներու ճանապարհ եղած է դէպի Եւրոպա՝ աւելի լաւ կեանք որոնողներուն համար։