image

ՄԱԿ-էն ահազանգ. 20 երկիրներ կը համարուին «սովի օճախ»

ՄԱԿ-էն ահազանգ. 20 երկիրներ կը համարուին «սովի օճախ»

Պարէնի համաշխարհային ծրագիրը եւ FAO-ը նախազգուշացուցած են, որ «Ուքրանիոյ հակամարտութիւնը կը սրէ արդէն աղէտալի սովի տարին», որուն հետեւանքով «սովի ալիքը կը տարածուի ամբողջ աշխարհի մէջ՝ վերածուելով սարսափելի ճգնաժամի, որ աշխարհը չի կրնար հանդուրժել»:

ՄԱԿ-ը կոչ ըրած է շտապ մարդասիրական միջոցներու ձեռնարկելու 20 երկիրներու մէջ, որոնք կը համարէ «սովի թէժ կէտ» աշխարհի մէջ, ընդ որում 5 արաբական երկըրներ՝ Սուրիա, Սուտան, Եմէն, Սոմալի եւ Լիբանան։

Այս մասին կ'ըսուի Պարէնի համաշխարհային ծրագրի եւ Պարէնի ու գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան (FAO) կողմէ հրապարակուած համատեղ զեկույցին մէջ։

Զեկոյցը նախազգուշացուցած է «այն հաւականութենէն, որ պարէնային անապահովութիւնը 20 երկիրներու մէջ վատթարանայ յառաջիկայ երեք ամիսներու ընթացքին, այսինքն՝ 2022-ի Յունիսէն Սեպտեմբեր ժամանակահատուածին»։

Զեկոյցը պարզած է, որ «750.000 տղամարդ, կանայք եւ երեխաներ ներկայիս կը դիմակայեն սով եւ մահ Եմէնի, Սոմալիի, Աֆղանիստանի, Եթովպիոյ եւ Հարաւային Սուտանի մէջ»:

Ան յաւելած է, որ «Եթովպիան, Նիճերիան, Հարաւային Սուտանը, Եմէնը, Սոմալին եւ Աֆղանիստանը կը շարունական բարձր զգօնութեան վիճակի մէջ մնալ, որ աղէտալի վիճակ է», ինչ որ կը նշանակէ, որ «կան բնակչութեան հատուածներ, որոնք կանգնած են սնունդի աղէտալի անապահովութեան կամ դէպի վատթարացման վտանգի տանող աղէտալի պայմաններու մէջ: Սուրիան, Սուտանը, Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութիւնը, Հայիթին եւ Սահէլը կը շարունակեն մնալ լուրջ մտահոգութիւն յառաջացնող երկիրներ»։

Զեկոյցին մէջ Պարէնի համաշխարհային ծրագիրը եւ FAO-ը նախազգուշացուցած են, որ «Ուքրանիոյ հակամարտութիւնը կը սրէ արդէն աղէտալի սովի տարին», որուն հետեւանքով «սովի ալիքը կը տարածուի ամբողջ աշխարհի մէջ՝ վերածուելով սարսափելի ճգնաժամի, որ աշխարհը չի կրնար հանդուրժել»:

Զեկոյցին մէջ կը նշուին Սրի Լանքան, Արեւմտեան Ափրիկէի ափամերձ երկիրները (Պենին, Կինէա եւ Կանաչ Հրուանդան), Ուքրանիան եւ Զիմպապուէն, ի լրումն թէժ կէտերու միւս երկիրներուն՝ Անկոլայի, Լիբանանի, Մատակասքարի եւ Մոզամպիքի:

Ի յաւելումն հակամարտութիւններուն, կլիմայական ցնցումները կը շարունակեն ծանր սով յառաջացնել 2022-ի Յունիսէն մինչեւ Սեպտեմբեր կանխատեսուող ժամանակահատուածին, քանի որ կրկնվող երաշտները, ջրհեղեղները եւ փոթորիկները կ'ոչնչացնեն գիւղատնտեսութիւնը, կ'ըսուի ՄԱԿ-ի եւ FAO-ի զեկոյցին մէջ: