image

Մահմուտ Ապպաս պատրաստակամութիւն յայտնած է գործակցելու Թրամփի հետ․ Axios

Մահմուտ Ապպաս պատրաստակամութիւն յայտնած է գործակցելու Թրամփի հետ․ Axios

ԱՄՆ ընտրուած նախագահ Տանըլտ Թրամփը Պաղեստինի ազգային վարչակազմի ղեկավար Մահմուտ Ապպասի հետ հեռախօսազրոյցին խոստացած է անդրադառնալ Կազայի հատուածի մէջ պատերազմի դադրեցման խնդրին: Այդ մասին յայտնած է Axios հարթակը։  

Նշուած է, որ Պաղեստինի առաջնորդը շնորհաւորած է Թրամփը ընտրութիւններուն յաղթելու կապակցութեամբ եւ հաստատած իր պատրաստակամութիւնն աշխատելու ամերիկեան նոր վարչակազմի հետ՝ միջազգային իրաւունքի եւ սկզբունքներու վրայ հիմնուած արդար եւ համապարփակ խաղաղութեան հասնելու համար:  

Մահմուտ Ապպասը յայտարարած է, որ Թրամփն ի պատասխան հաստատած է պատերազմը դադրեցնելու իր յանձնառութիւնը եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման նպատակով Պաղեստինի ղեկավարի, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային այլ շահագրգիռ կողմերու հետ համագործակցելու պատրաստակամութիւնը: 

Axios-ը յայտնած է, որ Ապպասը եւ Թրամփը չէին շփուած այն ժամանակէն, երբ վերջինս Սպիտակ տան մէջ նախորդ պաշտօնավարման շրջանին Երուսաղէմը ճանչցած էր Իսրայէլի մայրաքաղաք եւ այնտեղ տեղափոխած էր ԱՄՆ-ի դեսպանատունը: