image
Հրատապ լուրեր:

Մահացած է Նուպար Սրկ. Եանկոյեանը. Սիտնիի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ նուիրեալ սպասաւորը

Մահացած է Նուպար Սրկ. Եանկոյեանը. Սիտնիի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ   նուիրեալ սպասաւորը

Սիտնիի մէջ իր մահկանացուն կնքած է տեղի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ   նուիրեալ  սպասաւորներէն, բնիկ Պոլսեցի՝   Բրշ. Նուպար  Սրկ. Եանկոյեանը։

Այս  մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ  Սիտնիի  Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ  դիմատետրի էջէն, որ այս առթիւ ալ հրապարակած է  կարճ մահագրական մը, որ կը ներկայացնենք  ստորեւ՝

Ոչ  եւս է   Սիտնիի նուիրեալ  ազգայիններէն 

Սրտի խոր կսկիծով կը տեղեկացնենք Սիտնիի Սուրբ Յարութիւն Մայր Եկեղեցւոյ երկարամեայ սպսաւոր՝ Նուպար Սարկավագ Եանկոյեանի մահուան գոյժը:

Եկեղեցւոյ կարգը տեղի կունենայ հինգշաբթի 13 Յունուար Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ մեջ 10 Macquarie St. Chatswood, NSW 2067, այնուհետեւ յուղարկաւորութիւնը տեղի կունենա Մաքուարի Փարք գերեզմանատան հայկական բաժնում

Cnr Delhi Rd &, Plassey Rd, Macquarie Park NSW 2113

Կենսագրութիւն Նուբար Սրկ․ Եանկոյեանի

10 Ապրիլ 1936 – 8 Յունուար 2022

Ծնած է Պոլսոյ Թաքսիմ թաղը: Նախական կրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրի Եսայեան Վարժարանին մէջ: Փոքր տարիքէն՝ հազիւ ութ տարեկան երախայ, իր մէջ կը ծնի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ սէրը: Այդ սէրը ժառանգած է իր եկեղեցասէր ու հաւատացեալ ծնողքէն: Հայրը՝ Մխիթար Եանկոյեան, իսկ մայրը՝ Զարուհի Ջէրքէզեան:

1944-էն ի վեր միշտ կը յաճախէ իր հաւատքի սրբազան ե՝ Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին:

1950 թուին, հազիւ տասնչորս տարեկան, շուկայ կը նետուի ինքնաշարժի ներկարարութեան արհեստին մէջ, որպէս աշկերտ: Նուպարը թէեւ շուկայի վրայ կը սկսի իր կեանքի բախտը որոնել, սակայն շուկայիկ մարդ մը չեղաւ: Մանաւանդ այդ փոքր տարքէն, ուր անկումի հունտերը շատ դիւրութեամբ կ՚արմատանան տղոց մատղաշ հոգիներէն ներս: Բարեբախտաբար այդ անկումի հունտերը իր կայուն նկարագրի ժայռին վրայ կ՚իյնան ու կը չորնան: Շուկան չկրցաւ զինք հեռացնել իր սրբազան եկեղեցէն ու հաւատքէն:

1956-ին Թրքական բանակին մէջ կը ծառայէ որպէս զինուոր, որուն շրջանը կ՚աւարտէ 1958-ին, եւ կը սկսի իր անձնական գործը: Յաջորդ տարին, կը հանդիպի օրիորդ Մարի Սէմէրճեանին, եւ 1959-ին կ՚ամուսնանան, ձեռամբ Գարեգին Հայր Սուրբ Գազանճեանի, որ հետագային եղաւ Պոլսոյ պատրիարքը, (Տէր Գարեգին Բ. Պատրիարք Գազանճեան): 1960- ին կը բախտաւորուին մանչ զաւակով մը, եւ զայն կ՚անուանեն Մինաս:

Այր եւ կին, ուր որ կ՚երթան, իրենց քաղցրալուր ձայնով միշտ փայլ կու տան եկեղեցւոյ երգչախումբին:

Նուպարը, իր պարտականութեան գիտակից՝ միշտ եղած է օրինակելի հայր եւ ամուսին, եղած է նաեւ մեծ Հայրենասէր եւ եկեղեցասէր: Միշտ կը ջանայ իր լաւագոյնը տալ, ու անով իսկ՝ միշտ եղած է գոհ ու երջանիկ: Իր ծառայութիւնը հանդէպ ազգին եւ հայրենիքին, եղած է աղբիւր գոհութեան եւ գոհունակութեան, որ միշտ կը հոսի անսպառ, իր հոգիին ակունքէն:

1965-ին ընտանիքով կը փոխադրուի Պէշիկթաշ: Հոս կը սկսի իր բեղուն գործունէութիւնը: Երիտասարդ տարիքէն ստանձնած է ու վարած է զանազան պաշտօններ, այսպէս՝ Պէշիկթաշի Մաքրուհեան Վարժարանի հոգաբար-ձութեան եւ եկեղեցւոյ ՆԱՐԵԿԱՑԻ երգչախումբի վարչութեան՝ զոյգ ատենապետութիւնները:

14 Դեկ. 1971-ին Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ՆԱՐԵԿԱՑԻ երգչախումբը կը տօնախբէր իր 39-րդ տարեդարձը: Այդ օրը կը պատարագէր եւ կը քարոզէր Տ. Շահան Եպս. Սվաճեան, այս առթիւ՝ Նուպարին կը շնորհէ դպրութեան չորս աստիճանները: Հոս եւս, Պէշիկթաշի թաղի խորհուրդի վարչութեան մէջ վարչականի պաշտօնը կը վարէ երկար տարիներ, միշտ տալով իր լաւագոյնը:

8 Հոկ. 1972 թուին՝ նախագահութեամբ Շնորհք պատրիարքի, եւ ձեռամբ օրուան պատարագիչ Տ. Ղեւոնդ Արքեպս. Ջէպէեանի, Ուրար կրելու տըւչութիւնը իր ուսին վրայ կը հանգչի:

1969-ին, Շնորհք պատրիարքը Վարթօէն գաղթականներ կը բերէ Պէշիկթաշ, որոնցմէ 27 երախաներու պատասխանատութիւնը կը ստանձնէ չորս տարի 1971-1974 մինչեւ Աւստրալիա փոխադրուիլը ընտանիքով:

1971-ին Կեդրոնական Վարժարանին հոգաբարձու կ՚ընտրուի որպէս ատենապետ, այդ պաշտօնը կը վարէ մինչեւ 1974-ին։ Այդ կարճ ժամանակաշրջանին մէջ, յաջողութեամբ կը պսակէ իրեն վստահուած առաքելութիւնը, թէ դպրոցին եւ թէ հոգաբարձութեան:

Վերջապէս 1974-ին ընտանիքով կը հաստատուի Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ: Հոս եւս կը շարունակէ իր ծառայութեան աշխատանքը: Առաջին մէկ օրէն, Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին կը մտնէ ու կը ներկայանայ օրւան առաջնորդ Տ. Գարեգին Արքեպս. Գազանճեանի եւ անոր աջը համբուրելով՝ մինչեւ ցարդ կը ծառայէ: 1975-1982, որպէս վարչական, եօթը տառի փոյթով կ՚աշխատի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ:

1980-ին կը հիմնէ ԱՐԱՐԱՏ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԻՒՆ, ու անոր ատենապետութիւնը կը ստանձնէ 32 տարի:

Թէեւ տարի մը կը ծառայէ Հ.Բ.Ը. ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱԼԵՔ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՎԱՐԺԱ-ՐԱՆԸ, սակայն կը շարունակէ ծառայել, երբ պէտք ունին իր աջակցութեան, միշտ հոն է, եւ միշտ պատրաստ է՝ մինչեւ ցարդ:

14 Դեկ. 1991-ին, Թեմիս Բարեխնամ առաջնորդ Տ. Աղան Արքեպս. Պալիօզեանը, կը շնորհէ սարկաւագի աստիճանը:

1996-ին քաղաքս կը հրաւիրէ ՏԷՐ ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆԸ, ընկերակցութեամբ Տէր Շահան Արքեպս. Սվաճեանի: Նուպարին համար ի՜նչ ուրախութիւն էր, երբ կը տեսնէր պատրիարքին երանութիւնը, տասնչորս տարի ետք, տասնվեց տարուան ընտրեալ հօտին հետ, երբ ինք Աւստրալիոյ թեմի առաջնորդն էր (1966-1982): 21 օր իր հիւրն էր, եւ իր հետ ընկերակցող սրբազան հայրը: Ըրաւ, ինչ որ ուրիշները չըրին երբեք…:

Ահաւասիկ Նուպար Սարկաւագ Եանկոյեանը, իր նկարագրի կնիքը դրոշմեց, ու դեռ կը դրոշմէ իր ազգասիրութեան եւ եկեղեցասիրութեան էջերուն մէջ: Տուաւ, ինչ որ Աստուածաշունչի մէջ յիշուած որբեւայրի կինը ըրաւ: Նուպարը, իր ծառայութեան լումանները, ազգասիրութեան եւ եկեղեցասիրութեան պնակին մէջ դրաւ:

Տուաւ իր ունեցածը միշտ…, ու դեռ կու տայ, առանց վախի ու տրտնջանքի: Տուաւ սիրով եւ հաճոյքով, որովհետեւ ատակը ունի տալու: Հո՜ն կը կայանայ իր առաքինութիւնն ու մեծութիւնը: Իր մէջ ուռճացած ու մեծցած է արդէն, իր ազգասիրութեան եւ եկեղեցասիրութեան ծառը վսեմ, ու անոր զով շուքը ամէն առաւօտ անոնց վրայ կ՚արձակուի ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ պէս խաղաղ, ու լոյսի պէս զուարթ…:

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի․ Ամէն։