image
Հրատապ լուրեր:

Նախընտրական պաստառ պոկելու համար ձերբակալուածն ինքնասպան եղած է «Նուպարաշէն»-ի հոգեբուժարանին մէջ

Նախընտրական պաստառ պոկելու համար ձերբակալուածն ինքնասպան եղած է «Նուպարաշէն»-ի հոգեբուժարանին մէջ

«Նուպարաշէն» հոգեկան առողջութեան պահպանման կեդրոնին մէջ ինքնասպանութեան դէպք արձանագրուած է:

Factor TV-ն հաղորդած է, որ Նուպարաշէնի հոգեբուժարանին մէջ ինքնասպանութիւն գործած անձը Արմէն Յովհաննիսեանն է, որ հոգեկան առողջութեան հետ կապուած խնդիր ունեցած է: Ան, ըստ նոյն աղբիւրի, ձերբակալուած է նախընտրական պաստառ պոկելու համար, որու կապակցութեամբ Քննչական կոմիտէէն ներս վարոյթ նախաձեռնուած է:

«Ստացուած հաղորդման հիման վրայ նախաձեռնուել է քրէական վարոյթ՝ Քրէական օրէնսգրքի 211-րդ յօդուածի 1-ին մասով (քարոզչութիւն կատարելուն կամ քարոզչութիւն կատարելուց հրաժարուելուն հարկադրելը կամ քարոզչութիւն կատարելուն այլ կերպ խոչընդոտելը)», - յայտնած են Քննչականէն:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը մտահոգիչ համարած է այն, որ խօսքը ազատութենէ զրկուած անձի մասին է, որու նկատմամբ պետութիւնն ունի պատասխանատւութիւն՝ ապահովելու անոր անվտանգութիւնն ու առողջական վիճակին համարժէք խնամքը։ 

«Նման դէպքերը պէտք է դառնան իրաւասու մարմինների կողմից անյապաղ, արդիւնաւէտ եւ բազմակողմանի քննութեան առարկայ, իսկ հոգեկան առողջութեան հաստատութիւններում վերահսկողութեան եւ ինքնասպանութիւնների կանխարգելման մեխանիզմները պէտք է պատշաճ կիրառուեն եւ կատարելագործուեն։

Մարդու իրաւունքների պաշտպանը իրաւասու մարմիններից պարզաբանումներ կը պահանջի դէպքի բոլոր հանգամանքների, այդ թւում՝ հոգեբուժական հաստատութիւնում կիրառուած հսկողութեան միջոցների, բժշկական արձագանգի, ինչպէս նաեւ ինքնասպանութեան ռիսկերի գնահատման եւ կանխարգելման ուղղութեամբ իրականացուած գործողութիւնների վերաբերեալ»,- ըսուած է ՄԻՊ յայտարարութեան մէջ։