image

Մահացած է հայրենի քաղաքական գործիչ Արտաշէս Գեղամեան

Մահացած է հայրենի քաղաքական գործիչ Արտաշէս Գեղամեան

Մահացած է Ազգային Ժողովի նախկին պատգամաւոր Արտաշէս Գեղամեանը։

Քաղաքական գործիչը, որ դեկտեմբերին պիտի դառնար 75 տարեկան, կեանքէն հեռացած է այսօր առաւօտեան։

Վերջին ամիսներուն ան ծանր հիւանդ էր։

Արտաշէս Գեղամեանը ծնած է 2 դեկտեմբերի 1949-ին, Երեւանի մէջ:

Եղած է Ազգային ժողովի 1-3, ինչպէս նաեւ 5-րդ եւ 6-րդ գումարումներու պատգամաւոր։

Գեղամեանը 1989-1990 թուականներուն եղած է Երեւանի քաղաքապետ, 1997 թ. հիմնադրած է «Ազգային միաբանութիւն» կուսակցութիւնը, 1998, 2003 եւ 2008 թուականներուն եղած է ՀՀ նախագահի թեկնածու։