Գերմանիոյ Ֆրանքֆորթ քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքած է հայերու, յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւններու ճանաչման եւ դատապարտման համար շուրջ 20 տասնամեակ գործուն պայքար մղած թուրք մտաւորական՝ Ալի Էրթէմը, որ նաեւ այդ նպատակով ստեղծուած «Միութիւն ընդդէմ Ցեղասպանութեան» (Soykırım Karşıtları Derneği) կազմակերպութեան հիմնադիրն ու նախագահն էր։
Ըստ աղբիւրին՝ Ալի Էրթէմը յիշեալ կազմակերպութիւնը հիմնած էր 1998-ին եւ նոյն այդ տարին առաջին անգամ այցելած Հայաստան՝ յարգանքի տուրք մատուցանելու Մեծ եղեռնի անմեղ զոհերու յիշատակին։
«Միութիւն ընդդէմ Ցեղասպանութեան» կազմակերպութիւնը հիմնադրման օրէն սկսեալ ամէն տարի, Ապրիլ 24-ին, որեւէ ներկայացուցիչ կ'ուղարկէր Երեւան՝ միութեան անդամներու անունով Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին ծաղկեպսակ խոնարհելու համար։ Միութեան անդամները միեւնոյն ժամանակ խորհրդանշական գումար կը հաւաքէին եւ կը նուիրէին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին՝ Մեծ եղեռնէն վերապրած հայերուն փոխանցելու կամ այլ ծախսեր հոգալու նպատակով։
Կազմակերպութիւնը նաեւ գործունէութիւն կը ծաւալէր Ֆրանքֆորթի եւ Գերմանիոյ այլ քաղաքներու մէջ, նաեւ՝ այլ երկիրներու մէջ։ Այսպէս, միութիւնը երբեմն հանդէս կու գար տարբեր միջոցառումներով, ինչպէս՝ դասախօսութիւն-սեմինարներ, կլոր սեղան-քննարկումներ եւ այլ հետաքրքիր ձեռնարկներ, որոնք բոլորն ալ նուիրուած էին Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած ցեղասպանութիւններու հետեւանքներու վերացման:
«Միութիւն ընդդէմ Ցեղասպանութեան» կազմակերպութիւնը մերթ ընդ մերթ հաւաքներ կ'իրականացնէր Ֆրանքֆուրթի մօտ Թուրքիոյ հիւպատոսարանի կամ Գերմանիոյ Թուրքիոյ այլ ներկայացուցչութիւններու մօտ՝ յիշեցնելով այդ երկրին իր գործած մեծ ոճիրներուն մասին։ Նման մեծ հաւաք կազմակերպուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, Ապրիլին, Ֆրանքֆուրթի մօտ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին առջեւ։ Մասնաւորապէս, կազմակերպութեան անդամները, Ապրիլ 24-ին նահատակուած հայ մտաւորականներու լուսանկարները բռնած, բողոքի հաւաք իրականացուցին հիւպատոսարանի դիմաց:
Ալի Էրթէմը վերջին անգամ Հայաստան այցելած էր 2019-ի գարնան։ Կարծես թէ իր մօտալուտ վախճանի մասին կանխազգացում ունենալով՝ ան եւ միութեան միւս անդամները այդ անգամ իրենց հետ Երեւան բերած էին նաեւ իրենց զաւակները՝ ցանկալով ցեղասպանութիւններու եւ մարդկայնութեան դէմ գործուած միւս յանցագործութիւններու դէմ պայքարի ջահը փոխանցել գալիք սերունդներուն։