image

Մահացած է հալէպահայ կրթական մշակ՝ Հուրի Սէրայտարեան

   Մահացած է հալէպահայ կրթական  մշակ՝ Հուրի Սէրայտարեան

Հալէպի մէջ մահացած է Քարէն Եփփէ Ազգային վարժարանի երկարամեայ ուսուցչուհիներէն օրդ. Հուրի Սէրայտարեանը։

 

 Այս մասին վերահասու դարձանք Ազգային Քարեն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան Վարչութեան դիմատետրի էջէն։

 Ստորեւ այդ առթիւ ներկայացուցած գրառումը։

 

«Ա. Ք. Ե. Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան Վարչութիւնը եւ ճեմարանի մեծ ընտանիքը խոր կսկիծով կը գուժեն մահը Ա. Ք. Ե. Ճեմարանի անգլերէն լեզուի վաստակաշատ ուսուցչուհի՝ Օրդ. ՀՈՒՐԻ ՍԵՐԱՅՏԱՐԵԱՆին։

Օրդ. Հուրիին անգլերէնի դասատուութեան պահերը յաճախ եղած էին կենցաղավարութեան եւ առողջ դաստիարակութեան պահեր, որուն ընթացքին տրուած ցուցմունքները միշտ ալ տպաւորած են սաները։

Աշակերտները շատ բան կը պարտին օր.Հուրիին։ Անոնք միշտ պիտի յիշեն այս նկարով՝ ԳԵՂԵՑԻԿ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ օր.Հուրին։ 

Խորազգաց մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի ընտանիքին եւ հարազատներուն»։

ՅԻՇԱՏԱԿՆ ԱՐԴԱՐՈՑ , ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՂԻՑԻ»։

 

Նշենք նաեւ, որ  Հուրի Սէրայտարեանը   իր կրթական  գործունէութեան կողքին, նոյնպէս  եղած   հաւատաւոր   եւ նուիրեալ  անդամը ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ  ընտանիքին։