image
Հրատապ լուրեր:

Մահացած է Ֆէյրուզի կրտսեր որդին՝ Հալլի Ռահպանին. Վկայութիւն սիրոյ եւ յարգանքի

Մահացած է Ֆէյրուզի կրտսեր որդին՝ Հալլի Ռահպանին. Վկայութիւն սիրոյ եւ յարգանքի

Անկրկնելի Զիատէն ետք, Ֆէյրուզ պիտի հողին տայ իր այդքան սիրած որդին, որուն համար առիթով մը ան ըսած է, թէ իր «Պահապան հրեշտակ»ն է։

Ֆէյրուզը ինծի համար աղօթքի պէս բան մըն է, ամէնօրեայ երակ եւ մշտամնայ սէր ու հաւատամք բարութեան ու կեանքի հանդէպ։

Ֆէյրուզը ամէն օր մեզի հետ է ու ամէն կ՚ապրինք անոր ձայնով ու պիտի վերապրինք անով։

Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝ 

 Առիթ մը եւս վկայելու եւ խոնարհուելու՝ Մեծն Ֆէյրուզին առջեւ 

Երէկ Հալէպի մէջ տեղի ունեցող դէպքերը բոլոր առումներոէվ տարերային էին, ու զիս յատկապէս հեռու պահեցին միւս զարգացումներէն։ Երէկ էր նաեւ, որ իմ եւ Ձեր Մեծն Ֆէյրուզին կրտսեր որդին մահացաւ։ Նոր վիշտ մըն էր, որ աւելցաւ Ֆէյրուզի մեծ ու տանջուած սրտին վրայ։ 

Անկրկնելի Զիատէն ետք, Ֆէյրուզ պիտի հողին տայ իր այդքան սիրած որդին, որուն համար առիթով մը ան ըսած է, թէ իր «Պահապան հրեշտակ»ն է։

Ֆէյրուզը ինծի համար աղօթքի պէս բան մըն է, ամէնօրեայ երակ եւ մշտամնայ սէր ու հաւատամք բարութեան ու կեանքի հանդէպ։

Ֆէյրուզը ամէն օր մեզի հետ է ու ամէն կ՚ապրինք անոր ձայնով ու պիտի վերապրինք անով։

Ահա լուրը՝ հակիրճ 

Լիբանանեան եւ արաբական երգարուեստի լեգենտար դէմք Ֆէյրուզի կրտսեր որդին մահացաւ

Լիբանանեան մեծ երգչուհի Ֆէյրուզը կորսնցուց իր կրտսեր որդին՝ Հալլի Ռահպանին, երկար տարիներու հիւանդութենէ եւ ծանր պայմաններէ ետք։ Ան ապրած է լուսարձակներէ հեռու՝ փակ եւ լուռ ընտանեկան միջավայրի մը մէջ։

Ինչպէս կը հաղորդէ լիբանանեան «Ան-Նահար» օրաթերթը (հինգշաբթի), Հալլին մինչեւ իր վերջին օրերը անմիջական խնամք ստացած է իր մօրմէն, որ անոր համար եղած է ապահով ապաստան մը։

Հալլի Ռահպանին ծնած էր 1958 թուականին եւ կը տառապէր մտաւոր եւ շարժողական հաշմանդամութեամբ։ Բժշկական գնահատումները վաղ տարիքէն անոր կեանքին նկատմամբ մեծ յոյսեր չէին ներշնչեր, սակայն ան երկար տարիներ դիմադրեց՝ մինչեւ իր մահը։