Օրերս Լոս Անճելըսի մէջ իր մահկանացուն կնքած է ՀՅԴ կուսակցական հաւատաւոր գործիչ եւ կրթական մշակ ՝ Վազգէն Մատէնլեան։
Այս մասին «Արեւելք»ին տեղեակ պահեցին Միացեալ Նահանգներէն։
Նշենք, որ վերջին տարիներուն ծանր հիւանդութեան բռնուած Մատէնլեան վարած է ազգային-կուսակցական տարբեր բնոյթի պաշտօններ։
Ամերիկահայ շրջանակներուն համար Վազգէն Մատէնլեանի անունը կը փոխառնչուի, Լոս Անճելըսի Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային վարժարանին հետ, որուն տնօրէնութիւնը ան կը վարէր ձեռնահասօրէն անցնող տարիներուն ընթացքին։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, կրօնական ժողովը, Ազգային վարչութիւնը եւ Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինը նոյնպէս խոր ցաւով գուժած են ազգային գործիչին մահը։