Քիեւը, Տոնպասի մէջ կիրառելով թրքական «Պայրաքտար» հարուածային անօդաչուները, ստուգած է՝ որքան հեռու իրենք կրնան երթալ Մինսքի պայմանաւորուածութիւնները խախտելով:
Նման կարծիք յայտնած է Լուկանսքի ինքնահռչակ հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոտիոն Միրոշնիքը: «Ուքրանիոյ բարձրագոյն պաշտօնեաներու յայտարարութիւնները օդաչու կիրառելու եւ Մինսքի պայմանաւորուածութուններու գիտակցուած խախտման մասին մարտահրաւէր է եւ փորձ՝ գործով պարզելու, թէ ուրիշ ինչ իրենց թոյլ կը տրուի ընել, որքան հեռու կրնան իրենք երթալ, ինչի համար գլխուն հարուած չեն ստանար, եւ որքան կը հանդուրժեն այդ ամէնը», ըսած է Միրոշնիքը:
Յիշեցնենք, որ Ուքրանիոյ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբը յայտարարած էր, որ զինուորականները առաջին անգամ «Պայրաքտար» հարուածային անօդաչու կիրառած են Տոնպասի մէջ, որ ոչնչացուցած է հակառակորդին թնդանօթը: