Օրերս Լոս Անճըլըսի ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանին մէջ նշուած է Վարդանանց տօնը։
Հանդիսաւոր միջոցառման ներկայ գտնուած են Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանն ու Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ Թեմերու Առաջնորդ Գերշ. Տ. Տաթեւ արք. Յակոբեանը։
Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը։
Ստորեւ այդ մասին Արեւմտեան Թեմին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը։
Այս տարի Սրբոց Վարդանանց Տօնը կը նշուի փետրուար 8-ին։ Ամէն տարի Արեւմտեան Թեմի տարբեր կառոյցներու մէջ իւրովի կը նշուի սուրբ զօրավարների տօնը։
Այս տարի ՀԲԸՄ Մանուկեան - Տէմիրճեան ամէնօրեայ վարժարանի Սբ․ Վարդանանց տօնախմբութիւնը իրենց բարձր ներկայութեամբ պատուեցին Արեւմտեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Յովնան Արք․ Տէրտէրեանը, ուղեկցութեամբ՝ Ռումինիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ, Պուլկարիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդական Տեղապահ Գերշ․ Տաթեւ Եպս․ Յակոբեանի եւ Արժ․ Նժդեհ Քհն․ Քէշիշեանի։
Յարգարժան հիւրերը դիմաւորեցին եւ ուցեկցեցին Դպրոցի Տնօրէն Տիար Դաւիթ Ղուկասեանը եւ անձնակազմը։ Այցի առաջին հանգրուանին հանդիպում տեղի ունեցաւ դպրոցի 9-րդ դասարանցիներու հետ, ուր Սրբազան Հայրերը աշակերտներուն ներկայացուցին Վարդանանց խորհուրդը եւ պատասխանեցին աշակերտներուն յուզող հարցերուն։ Ապա երկու տարբեր միջոցառումներ ներկայացուցին դպրոցի տարբեր դասարանները՝ անդրադառնալով փետրուար ամսուան մեր ազգային, եկեղեցական տօներուն՝ Սբ․ Ղեւոնդեանց տօնին, Սբ․ Վարդանանց տօնին եւ Տեառնընդառաջին։
Ապա օրհնութեան խօսքի համար հրաւիրուած է Գերշ․ Յովնան Սրբազանը։ Իր խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը յստակ բնորոշեց թէ որոնք եղած են Ղեւոնդեանք եւ Վարդանանք եւ յստակ ուղենշեց այն ճանապարհները, որոնցով ընթանալու պարագային սիրելի աշակերտները կը նմանին Վարդան Զօրավարին եւ Ղեւոնդ Երեցին։
Ապա հրաւիրուեցաւ նաեւ Գերշ․ Տաթեւ Սրբազանը, որ նոյնպէս իր մասնաւոր գնահատանքը բերաւ դպրոցի տնօրինութեան, ուսուցչական անձնակազմին եւ մասնաւորաբար աշակերտներուն՝ կատարուած հսկայածաւալ աշխատանքի համար։ Սրբազան հայրը ուրախութեամբ նշեց իր խոր հիացմունքը՝ երեխաներու պատրաստուածութեան եւ հայկական ոգիի պահպանման համար։
Ցերեկոյթն աւարտեցաւ Արժ․ Նժդեհ քահանայի՝ Պահպանիչ աղօթքով։