Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդը քուէարկած է Լոս Անճելըսի արեւմուտքը գտնուող Ուիլշիր Պուլվարի եւ Կրենվիլ պողոտայի խաչմերուկը «Արցախի Հանրապետութեան հրապարակ» անուանելու օգտին: Այս մասին հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը՝ վկայակոչելով LAist պարբերականի տարածած հաղորդագրութիւնը:
Նշուած է, որ այս քայլը ձեռնարկուած է՝ «ի պատիւ հազարաւոր քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող պատերազմող տարածաշրջանի, որ շատ կարեւոր է Լոս Անճելըսի մեծ հայկական համայնքի համար»:
Ըստ քաղաքային խորհուրդի նախագահ Փոլ Կրեկորեանի գրասենեակի՝ խաչմերուկը ընտրուած է այն պատճառով, որ այնտեղ կը գտնուի Լոս Անճելըսի մէջ Ատրպէյճանի հիւպատոսութիւնը: Պարբերականը կը յիշեցնէ, որ դեկտեմբերէն ի վեր Ատրպէյճանը շրջափակած է Արցախը, որու հետեւանքով այնտեղ ապրող մարդիկ բախած են սնունդի պակասի եւ այլ խնդիրներու:
«Ատրպէյճանի բռնապետը բացայայտօրէն սպառնացած է ցեղասպանութեամբ եւ կոչ ըրած վտարելու բոլոր հայերը այն տարածքներէն, որոնց ան կը յաւակնի՝ եւս մէկ անգամ սպառնալով ոչնչացնել հայ ժողովուրդը իրենց հինաւուրց հայրենիքին մէջ: Մենք այս քայլը ըրած ենք՝ հաստատելու Լոս Անճելըսի ժողովուրդի համերաշխութիւնը Արցախի ժողովուրդի հետ», -ըսուած է Կրեկորեանի յայտարարութեան մէջ: