image

Լոս Անճըլըս. Սահակ Բ. Եւ Առաջնորդ Գերշ. Յովնան արք. այցելեցին՝ «Արարատ տուն»

Լոս Անճըլըս. Սահակ Բ. Եւ Առաջնորդ Գերշ. Յովնան արք. այցելեցին՝ «Արարատ տուն»

Կը շարունակուի Պոլսոյ Հայոց Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Մաշալեանի հովուական այցը դէպի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմ։

Այս առումով ալ «Արեւելք» կը ներկայացնէ խմբագրութեանս հասած լրատւութիւնը, անցնող օրերուն Սրբազան Պատրիարք Հօր ունեցած հանդիպումներուն եւ շփումներուն մասին։

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 19 Յունիս 2025, Լոս Անճելըսի շրջանի «Արարատ Տուն»ը այցելեց, ընկերակցութեամբ ԱՄՆ-ու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեանի, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի եւ Արժ. Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեանի։ Սոյն հաստատութիւնը ծանօթ է տասնամեակներէ ի վեր տարեցներու մատուցած իր ծառայութեամբ եւ ներկայիս հարիւրաւոր բնակիչներ կը պատսպարուին այստեղ։

Մեր Հոգեւոր Պետը, ժամը 09.30-ին, Արարատ Տան մատրան առջեւ դիմաւորուեցաւ հաստատութեան հոգեւոր պատասխանատու Արժ. Տ. Երեմիա Քհնյ. Խաչատուրեանի, Խնամակալութեան Ատենապետ Ժոզեֆ Կանիմեանի եւ վարչական պատասխանատու Տէրիք Ղուկասեանի ու խնամակալութեան անդամներու կողմէ։

Մեր Հոգեւոր Պետը «Հրաշափառ»ի արարողութեամբ մուտք գործեց մատուռէն ներս եւ ուխտի աղօթքը արտասանեց։ Այստեղ հաւաքուած էին ուխտաւորներ, որոնք փութացած էին Պատրիարք Հօր հետ հոգեւոր զրոյց կատարելու համար։ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպս. բարի գալուստ մաղթեց Պատրիարք Հօր եւ յայտնեց, թէ ներկաներ բախտաւոր պէտք է զգային, քանի որ օրուան սկիզբին սահմանուած էր սոյն հանդիպումը։

Յաջորդաբար մեր Հոգեւոր Պետը հաւատքի կեանքի կարեւորութեան անդրադարձաւ եւ Ս. Յովհաննէս Կարապետի կեանքէն օրինակներ ներկայացուց։

Յայտնեց, թէ կարապետ կը նշանակէ ճանապարհ պատրաստող: Ս. Յովհաննէսի կերպարը տարբեր երեսակներով պէտք է ընկալել, որպէս հաւատքի կեանքի օրինակ։ Այս բոլորին մէջ յիշեցուց, որ Ս. Յովհաննէս մկրտած է Քրիստոսը, ո՛չ թէ Քրիստոս մեղաւոր ըլլալուն համար, այլ՝ Քրիստոս, որպէս Սուրբ Գառնուկ բոլորին մեղքերը վերցուցած է իր ուսերուն վրայ։ Այս պատճառաւ է, որ Ս. Յովհաննէս լաւ իմացած էր, թէ մկրտածը սոսկ նշանաւոր անձ մը չէր, այլ՝ աւելին սպասուած Մեսիան։ Պատրիարք Հայրը իր խօսքերու աւարտին թելադրեց, որ նմանինք Տիրոջ ճանապարհը պատրաստողներուն եւ Տիրոջ ճանապարհէն ընթացողներուն։

Զրոյցի աւարտին ներկաներ հարցումներ ուղղեցին Պատրիարք Հօր եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին ներկայութեան համար։

Պատրիարք Հայրը ապա առաջնորդուեցաւ Տան համալիրին մէջ հաստատուած «Արարատ Էսքիճեան Թանգարան»ը։ Այստեղ տեղւոյն պատասխանատուներէն եւս տեղեկութիւն ստացաւ թանգարանի պատմականին, զարգացման փուլերուն մասին։ Լուտէր Էսքիճեանի բարերարութեամբ հաստատուած թանգարանի մէջ կը գտնուին պատմագիտական գոյքեր, որոնք կը ներկայացնեն հայ ժողովուրդին պատմութիւնը, արուեստն ու հանճարը։

Մեր Հոգեւոր Պետը, յաջորդաբար առաջնորդուեցաւ Արարատ Տան առաջին մասնաշէնքը, ուր կը խնամուին առողջապական դարմանումի կարօտ տարեցներ։ Հիւանդանոցի ճաշասեղանին մէջ համախմբուած էին բոլոր բնակիչները եւ Ժոզեֆ Կանիմեան յանուն հոգաբարձութեան բարի գալուստ մաղթեց Պատրիարք Հօր։ Բարի գալստեան խօսք մը եւս արտասանեց Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս եւ յայտնեց, որ ուրախութիւնը ունէին Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը հիւրընկալելու։ Յաջորդաբար Պատրիարք Հայրը իր պատգամը փոխանցեց, եւ անդրադարձաւ նման հաստատութեան մը արժէքին։

Հեռաւոր Լոս Անճելըսի մէջ իրապէս գանձ մըն էր նման կազմակերպութիւն մը, որ կը համախմբէ տարեց հայերը։ Ապա, կատարուեցաւ Տնօրհնէքի արարողութիւն, օրհնուեցաւ հացը, ջուրը եւ աղը: Պատրիարք Հայրը օրհնեց բնակիչները եւ հանգստատունը։

Արարողութեան աւարտին Տ. Յովնան Արքեպս.ի հրաւէրով Տ. Յարութիւն Վրդ. մեներգեց հայկական երգ մը։ Ջերմ մթնոլորտի ներքեւ ներկաներ շնորհակալութիւն յայտնեցին Պատրիարք Հօր եւ Առաջնորդ Սրբազանին։

Պատրիարք Հայրը պահ մը կանգ առաւ տնօրէնութեան սենեակը, ուր տեղեկութիւն ստացաւ հաստատութեան առաքելութեան եւ ծրագիրներուն մասին։

Մեր Հոգեւոր Պետը յաջորդաբար առաջնորդուեցաւ Արարատ Տան երկրորդ մասնաշէնքը, ուր կը պատսպարուին ինքնաբաւ տարեցներ։ Նման միւս մասնաշէնքին, այստեղ եւս արտայայտուեցան Ժոզեֆ Կանիմեան եւ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արքեպս.։

Անոնք կրկին անգամ հրաւիրեցին ներկաները, որպէսզի իրենց աղօթքներուն մէջ յիշեն նաեւ իրենց հոգեւոր առաջնորդներն ու սպասաւորները։ Իր պատգամը փոխանցեց Պատրիարք Հայրը եւ յայտնեց, որ տարեցներու համար կեանքի ամենէն դժուար շրջաններէն մին է, քանի իրենց համար մայրամուտ է ձեւով մը։ Սակայն անոնք բախտաւոր պէտք է զգան, քանի որ մարդուս համար մեծագոյն փորձութիւններէն է առանձնութիւնը, յատկապէս այս տարիքին, սակայն Արարատ Տունը ստեղծած է այն մթնոլորտը, որով տարեցներ գտած են զրուցակիցներ եւ ակամայ կազմած են հսկայ ընտանիք մը։ Այստեղ եւս կատարուեցաւ Տնօրհնէք եւ ապա՝ Տ. Յովնան Արքեպս.ի հրաւէրով Տ. Յարութիւն Վրդ. մեներգեց հայկական երգ մը եւս։ Ներկաներ առիթը ունեցան Պատրիարք Հօր եւ հոգեւոր հայրերու հետ զրուցելու։

Բաց աստի Ատենապետ Ժոզեֆ Կանիմեան Պատրիարք Հօր յանձնեց Արարատ Տան կրծքանշանը, զինքը կոչելով պատուոյ անդամ Արարատ Տան։

Տարեցներու տրուած այցելութենէն յետոյ, ընդունելութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատուասիրութիւն մը ի պատիւ Պատրիարք Հօր։

Այստեղ ներկաներ իրենք զիրենք ծանօթացուցին։ Յանուն հոգաբարձութեան արտայայտուեցաւ Ատենապետ Կանիմեան եւ շեշտեց 1949ին հաստատուած Արարատ Տան, Լոս Անճելըսի համայնքային կեանքէ ներս ունեցած կարեւորութիւնը։

Պատրիարք Հօր այցելութիւնը հաստատութեան համար իմաստալից եւ օրհնաբեր էր։ Այս առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեցին այս այցելութեան համար եւ յանձնեցին յուշանուէրներ։

Պատրիարք Հայրը մակագրեց պատուոյ տոմարը եւ ապա իր սրտի խօսքը արտասանեց, ըսելով. «Եթէ ցաւ կը կրենք՝ սա կը նշանակէ որ կ՚ապրինք, իսկ եթէ ուրիշին ցաւը կը կրենք՝ սա կը նշանակէ որ մարդ ենք»։ Նորին Ամենապատուութիւնը մեծապէս գնահատեց տասնեակ տարիներ առաջ Լոս Անճելըսի մէջ յայտնուած տեսլականը, որուն զարգանալով յառաջացած ըլլալուն հաւաստիքն էր Արարատ Տան ներկայ վիճակը։ Ինք առաջին անգամ այցելած ըլլալով, շատ լաւ տպաւորուած էր եւ ըսաւ, թէ իր տեսածները վերածուած էին ներշնչանքի աղբիւրի։ Մաղթեց որ հաստատութիւնը առաւել եւս ամուր քայլերով շարունակէ իր վսեմ առաքելութեան։ Այս առթիւ հաստատութեան յանձնեց յուշանուէր մը։

Արարարտ Տան այցելութենէն յետոյ Պատրիարք Հայրը առաջնորդուեցաւ դէպի «Կէթթի» Թանգարանը: Իրեն ընկերացան Առաջնորդ Սրբազանը, հոգեւոր հայրեր եւ խումբ մը ազգայիններ։ Այստեղ, թանգարանի ձեռագրատան բաժնին մէջ պահպանուած բազմադարեան ձեռագիրներէ նմուշները ցուցադրուեցան եւ ձեռագրատան պատասխանատուն տեղեկութիւններ փոխանցեց ներկաներուն։ Ձեռագիրներու մէջ յատկապէս ուշադրութեան արժանի էր 13րդ դարու Հայ Կիլիկեան դպրոցի մանրանկարիչ Թորոս Ռոսլինի ձեռագործ աշխատութիւնները։