image

Լոս Անճելըսի մէջ յանուն Արցախի բողոքի հաւաք

Լոս Անճելըսի մէջ յանուն Արցախի   բողոքի հաւաք

Հարիւրաւոր լոսանճելըսահայեր հաւաքուած են Կլենտէլի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութեան մօտ` ի պաշտպանութիւն Արցախի եւ Արցախի հայաթափումը կանխելու Հայաստանի ժողովուրդի ջանքերուն: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՅԴ ԱՄՆ արեւմտեան շրջանային յանձնախումբի ներկայացուցչութեան ֆէյսպուքեան էջը:

Հաւաքուածները յստակ արտայայտած են իրենց ուղերձը. դէմ են որեւէ սենարի, ուր Արցախը Ատրպէյճանի մաս է, քանի որ պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ այդ պիտի ըլլայ հերթական ցեղասպանութեան նախադրեալը: