ԱՄՆ-ի մէջ Հայաստանի դեսպան Լիլիթ Մակունցը 8 սեպտեմբերին հանդիպած է հայազգի քաղաքական գործիչ, Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր Կարօ Փայլանի հետ։
Այս մասին յայտնած են ԱՄՆ-ի մէջ Հայաստանի դեսպանութենէն:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգային իրավիճակի, հայ-թրքական յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներու վերաբերեալ։