Օրերս, Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի Շրջանային Վարչութիւնը (որ վերջերս ընտրուած էր) այցելութիւն տուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նստավայր՝ Անթիլիաս։
Պատուիրակութիւնը ընդունուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ եւ այդ մասին «Ազդակ» կը գրէ ՝
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամները երեքշաբթի, 30 ապրիլ 2024-ին այցելեցին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին:
Վարչութեան անդամները վեհափառին ներկայացուցին մայիս ամսուան ընթացքին տեղի ունենալիք Մայիսեան փառատօնին առնչուած աշխատանքները եւ խնդրեցին վեհափառ հայրապետին բարձր հովանաւորութիւնը: Այցելութեան ընթացքին նաեւ ներկայացուեցան Միութեան աշխատանքային յառաջիկայ ծրագիրները:
Վեհափառ հայրապետը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ եւ ջերմ գնահատանքը յայտնեց ի տես ՀՄԸՄ-ի կատարած աշխատանքներուն, ո՛չ միայն Լիբանանի, այլեւ բոլոր գաղութներուն մէջ, յատկապէս հայեցի դաստիարակութեան ու ազգային կազմաւորման իմաստով: Արդարեւ, վեհափառ հայրապետը թելադրեց, որ նոյն ոգիով ու յանձնառութեամբ միութիւնը շարունակէ իր հայանպաստ գործունէութիւնը: