«Հըզպալլա» շարժման գլխաւոր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմը Լիբանանի կառավարութեան կոչ ըրած է դադրեցնելու Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւնները։
«Իշխանութիւններու պարտականութիւնն է դադրեցնել իսրայէլեան թշնամիին հետ ուղղակի բանակցութիւնները եւ անցնիլ անուղղակի բանակցութիւններու»,– շեշտած է Քասեմը։
Ան նաեւ նշած է, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է վերադառնայ ազգային երկխօսութեան եւ չեղեալ յայտարարէ «Հըզպալլա» շիա կազմակերպութեան զինուած թեւը արգիլելու մասին որոշումը, որ կը դիմակայէ Իսրայէլի յարձակումներուն։
«Իշխանութիւնները պէտք է ազգային շահերը ամէն բանէ վեր դասեն եւ չեղեալ յայտարարեն մարտ 2-ի ամօթալի որոշումը, որ «Հըզպալլա»-ի մարտիկները օրէնքէ դուրս կը դնէ»,– շեշտած է Քասեմը։ Ան կառավարութեան կոչ ուղղած է երկխօսութեան՝ նպատակ ունենալով ներքին համախմբում ստեղծել ամերիկա-իսրայէլեան դաւադրութեան դիմակայելու համար։
Քասեմը նաեւ աւելցուցած է, որ շարժումը պիտի չհրաժարի ինքնապաշտպանութեան եւ Իսրայէլի դէմ զէնք գործածելու իր իրաւունքէն։