image

Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանը կը շարունակէ օժանդակութիւններ յանձնել գաղթականներուն 

Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանը կը շարունակէ օժանդակութիւններ յանձնել գաղթականներուն 

Ձմեռնային եղանակի սեմին, Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանը կը շարունակէ օժանդակութիւններ յանձնել գաղթականներուն։ Այս ծիրէն ներս, օրերս, Առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքէն մասնաւոր պատուիրակութիւն մը այցելած է իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառով տեղահանուած եւ Պուրճ Համուտի սահմանակից գօտիին մէջ գտնուող կեդրոններու մէջ ապաստանած լիբանանցի հայրենակիցներուն եւ մարդասիրական օժանդակութիւններով լիբանանահայութեան անունով իր զօրակցութիւնը յայտնած լիբանանցի գաղթականներուն: 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պէյրութի մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»էն։

Ստորեւ թղթակցութիւնը ամբողջութեամբ՝

Ձմեռնային եղանակի սեմին, հինգշաբթի, 7 նոյեմբեր 2024-ին, Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին անունով, մասնաւոր պատուիրակութիւն մը այցելեց Պուրճ Համուտի սահմանակից գօտիին մէջ գտնուող երկու կեդրոններ, ուր ապաստանած են հարաւային Լիբանանէն տեղահանուած հազարաւոր քաղաքացիներ:

Վեց անդամ հաշուող պատուիրակութիւնը, որուն կ՛ընկերակցէին թեմի հոգեւորականաց դասէն երկու քահանայ հայրեր, կը գլխաւորէր Ազգային վարչութեան փոխատենապետ եւ նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւ ընկերային յանձնախումբի ատենապետը:

Շուրջ մէկ ամիս առաջ տեղի ունեցած առաջին հանդիպումին գաղթականներու կարիքներուն ծանօթանալէ ետք եւ շարունակելով համայնքին անունով զօրակցութիւնը, Ազգային առաջնորդարանը Պուրճ Համուտի շրջանին մէջ գտնուող գաղթականներուն տրամադրեց 500 ձմեռնային ծածկոց եւ 500 բարձ:

Այս եւ նմանօրինակ մարդասիրական օժանդակութիւններով Ազգային առաջնորդարանը լիբանանահայութեան անունով կը յայտնէ իր զօրակցութիւնը լիբանանցի գաղթական մեր հայրենակիցներուն: Յայտնենք, որ նշեալ այցելութիւնները նաեւ առիթ հանդիսացան պատասխանատուներուն հետ քննարկելու գաղթականներու առօրեային, դժուարութիւններուն եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն վերաբերող հարցեր: